Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մշակած է յատուկ կանոններ, որոնց միջոցով արտերկիր գործուղուող թուրք պաշտօնեաները եւ դիւանագէտները պէտք է հակազդեն Հայկական Ցեղասպանութեան փաստին։ «Պի.Պի.Սի.»ի տուեալներով, 10 կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթին մէջ թուրք պաշտօնեաներուն խորհուրդ կը տրուի Ցեղասպանութեան փաստին հետ դէմ յանդիման գալու պարագային, վկայաբերել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մեկնարկուած յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հասարակաց պատմութիւնը քննարկելու համար պատմական հարցերով յանձնախումբ մը ստեղծելու Թուրքիոյ առաջարկը։
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, նախարարութիւնը նաեւ առաջադրած է հետեւեալները.
1- Ձեր գտնուած երկիրներուն մէջ հայկական Սփիւռքին հետ կապի մէջ մտէք։ Թրքական նախաձեռնութիւններուն հայեր հրաւիրեցէք։
2- Հայկական գործունեայ կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացուող միջոցառումներուն մասնակցութեան հրաւէրը ընդունեցէք, մասնակցեցէք եւ բացատրեցէք Թուրքիոյ դիրքորոշումը։
3- Հայկական Սփիւռքը հիմնականին մէջ երեք խումբերէ բաղկացած է։ Ցեղասպանութեան մասին խօսելով՝ շահեր հետապնդողներ, Թուրքիայէն հեռացած, սակայն դեռ անոր կապուած անձեր եւ Ցեղասպանութեան հարցին մէջ աւելի կրաւորական դիրքորոշում ունեցող անձեր։ Յատկապէս Սփիւռքի այդ կրաւորական հատուածին հետ կապեր հաստատեցէք։ Սակայն Թուրքիոյ դէմ հանդէս եկողներուն հետ վատ մի վերաբերիք։ Թուրքիոյ դէմ տրամադրուածներուն հրաւիրեցէք թէ՛ հիւպատոսական միջոցառումներու եւ թէ՛ Թուրքիա։
4- Ձեր գտնուած երկիրներու հայ դիւանագէտներուն հետ վատ մի վերաբերիք։ Անոնց հրաւէրները ընդունեցէք եւ անպայման մասնակցեցէք անոնց կողմէ կազմակերպուած համաժողովներուն։
5- Ձեր գտնուած երկիրներուն մէջ համալսարաններու, հասարակական կազմակերպութիւններու հետ կապեր հաստատեցէք։ Իրականացուելիք միջոցառումներուն մասնակցեցէք եւ եթէ առիթ ունենաք, ներկայացուցէք Թուրքիոյ դիրքորոշումը Ցեղասպանութեան հարցին մէջ։
6- Յատկապէս կապեր հաստատեցէք գիտնականներու հետ եւ բացատրեցէք Թուրքիոյ դիրքորոշումը։
7- Թուրքիոյ հետ մօտ յարաբերութիւններ ունեցող երկիրներու դիւանագէտներուն հետ սերտացուցէք ձեր յարաբերութիւնները։ Այդ երկիրներու դիւանագէտներուն հետ կազմակերպուելիք միջոցառումներուն ներկայացուցէք Հայկական Հարցին էութիւնը: Այլ երկիրներու դիւանագէտներուն, յատկապէս՝ Թուրքիոյ լաւ աչքով դիտող դիւանագէտներուն, ներկայացուցէք Թուրքիոյ դիրքորոշումը Ցեղասպանութեան վերաբերեալ։
8- Ձեր գտնուած երկիրներուն մէջ յատկապէս ներկայացուցէք Անգարայի առաջարկը՝ համատեղ պատմական յանձնախումբի խնդիրը, որ նաեւ տեղ գտած է ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մէջ։ Հաստատեցէք այն տեսակէտը, թէ պատմութիւնը պէտք է ձգել պատմաբաններուն։
9- Ուշադրութիւն հրաւիրեցէք Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վրայ։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւման եւ երկու ժողովուրդներու բարօրութեան անհրաժեշտութիւնը ծանրակշիռ կերպով ներկայացուցէք։
10- Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Կովկասի մէջ խաղաղութեան ապահովման վրայ ուշադրութիւն դարձուցէք։ Այդ ծիրին մէջ ամբողջ Կովկասի մէջ կայունութեան հասնելու համար ներկայացուցէք ոչ միայն Անգարա-Երեւան մերձեցումը, այլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման կարեւորութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Հիմայ- Զվիցերիոյ ու Ֆրանսայի նման օրենքներուն- ՀՀ Նախագահը պէտք է հռչակէ Հայաստանի մէջ օրենք, Հայոց Ձեղասպաննութիւնը կասկածի տակ առնելը/Ժխտելը, որպէս հանձանքործութիւն։