ՊԵՐՃ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Երեսուն տարուան փորձ ունիմ տեղական ընտրութիւններու: Բազում ընտրարշաւներու կազմակերպման գործին մասնակից եղած եմ եւ նոյնիսկ մէկ անգամ ես ալ իմ թեկնածութիւնս դրած եմ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեան՝ 1989ին, երբ հայութիւնը հազիւ տասը տոկոսը կը կազմէր քուէարկելու արձանագրուած քաղաքի բնակչութեան: Այս ընտրական շրջանին մէջ բնակած եմ 1986էն ի վեր: Այս բոլորը ինծի յստակ դարձուցած են, որ յաղթանակի յաւակնող թեկնածուն պարտի ճանչնալ իր բնակիչներու տարբեր հատուածներն ու խաւերը, ինչպէս նաեւ պէտք է աշխատի անոնց հետ՝ իրենց շահագրգռող հարցերու լուծման ի խնդիր:
43րդ ընտրաշրջանի տարածքը, որուն սահմանները կը տարածուին Նորթ Հոլիվուտէն մինչեւ Կլենտէյլ, մինչեւ Մոնթրոզ ու Սիլվըրլէյք, ամէնէն շատ հայ բնակչութիւն ունեցող շրջան ըլլալով հանդերձ, արձանագրուած քուէարկողներու ընդհանուր թիւին մէջ հազիւ 15 տոկոսը հայ է: Շահէ Քէօրօղլեանը կ՛ուզէ մեզ հաւատացնել, որ ինք այս տարածքէն ընտրուելու հնարաւորութիւն ունի ու կրնայ քուէներ ապահովել 85 տոկոս կազմող ոչհայկական շրջանակներէ, որոնց հետ ինք որեւէ նշանակալի կապ չունի եւ նոյնիսկ, կարծես, չի ալ փորձեր ունենալ:
Արդարեւ, Շահէ Քէօրօղլեան իր ընտրական հիմնադրամի մեծագոյն մասը կը յատկացնէ հայկական հեռատեսիլէն ու մամուլէն երեւնալու համար, եւ ոչ հայկական շրջանակներու հետ ուղղակի շփումներ հաստատելու ոչ մէկ ճիգ կը թափէ: Փաստ է, որ ոչ հայ հասարակական յայտնի գործիչներ չկան Քէօրօղլեանին նեցուկ կանգնած անձերու ցուցակին վրայ:
Հետաքրքրական է, որ ուսանողներու, թոշակառուներու եւ փոքր ձեռնարկատէրերու շահերու պաշտպան ներկայացող այս թեկնածուն, այս խաւերէն միայն հայերուն է, որ կը ձգտի իր պատգամը փոխանցել:
Ի՞նչ կրնանք եզրակացնել այս բոլորէն. Շահէ Քէօրօղլեանը իր ամէն ճիգը կեդրոնացնելով միայն հայկական շրջանակներուն վրայ՝ փաստօրէն կը հետապնդէ մէկ նպատակ՝ ձախողեցնել Նայիրի Նահապետեանի ընտրութիւնը:
Երկու հայ թեկնածուներէն միայն Նայիրին է, որ տասը տարիէ ի վեր կ՛աշխատի այս տարածքի հայ եւ ոչ հայ բնակիչներուն հետ: Նայիրին է միայն, որ ապահոված է հայ եւ ոչ հայ շրջանակներու զօրակցութիւնը: Ինքն է, որ աշխոյժ ընտրարշաւ կը կատարէ ոչ հայկական շրջանակներու մէջ:
Իսկական պայքարը Նայիրիի եւ Մայք Կաթոյի միջեւ է: Ըստ նախնական տուեալներու, պայքարը բաւական թէժ է ու երկու թեկնածուները գրեթէ հաւասար կարելիութիւն ունին ընտրուելու:
Եթէ համաձայն էք, որ կարեւոր է հայ թեկնածուի մը յաղթանակը այս տարածքին վրայ, ապա միակ ընտրութիւնը, զոր կրնաք կատարել, քուէարկելն է ի նպաստ Նայիրի Նահապետեանին: