ՊՈԼԻՍ.- Շիւքրան Փաքքան «Միլլիյէթ»ի Հինգշաբթի, Մարտ 25ի թիւին մէջ, վերոնշեալ վերնագիրը կրող յօդուածով կը նկարագրէ կեանքը այն հայաստանցիներուն, որոնք Թուրքիա կու գան գործ գտնելու ու աշխատելու համար։ Ան կը գրէ, թէ հանրաշարժը, որ Երեւանէն ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Պոլիս, կը շարունակէ նոր հայաստանցիներ բերել, որովհետեւ անոնք չեն ընկրկած ո՛չ սահմաններուն գոց ըլլալէն, ոչ սփիւռքահայութեան ստեղծած տագնապէն, ո՛չ Էրտողանի կողմէ կատարուած սպառնալիքներէն եւ ոչ ալ դիւանագիտական կապերու բացակայութենէն։ Հանրաշարժը, որ զանոնք Թուրքիա կը բերէ, կոչուած է «Յոյսի Հանրաշարժ»։ Մեծամասնութիւնը կիներ են, եւ ասոնց մէջ լաւ կրթուած, մասնագիտացած հայեր կան, իսկ Թուրքիոյ մէջ պիտի աշխատին իբրեւ մանկատան, տուներու սպասաւոր, կամ վարսայարդար։
Ուղեւորներէն Արմինէ Սուքիասեան կը պատմէ, որ յոգնած է վեց տարիէ ի վեր այս ճամբաներուն վրայ երթալ-գալէն։ Բայց ընկրկիլ չկայ, պիտի շարունակէ։ Գրպանը, մէկ կողմէ՝ զբօսաշրջիկի անցագիր ունի, միւս կողմէն ալ թրքական գծիի վրայ աշխատող գրպանի հեռախօս։ 37 տարեկան այս կինը, որ տնտեսագիտութիւն ուսած է, չկրցաւ իր մասնագիտութիւնը կիրարկել. վեց տարի առաջ ամուսինէն բաժնուելով՝ մնացած է իր 12 եւ 14տարեկան երկու զաւակներուն հետ։ Գումգաբուի մէջ վարսայարդարի աշխատանք կը տանի, ունի 800 տոլար ամսական, որմէ 600ը Հայաստան կը ղրկէ. 20 օր՝ օրական 12 ժամ կ՛աշխատի, եւ ամէն քսան օրը անգամ մը տասը օրով արձակուրդ ունի, որովհետեւ պէտք է Հայաստան երթայ ու վերադառնայ, որպէսզի վերանորոգէ իր վիզան, կը պատմուի նշեալ գրութեամբ։
Հայաստանցիներու մասին յօդուածը կը ներկայացնէ այլ յուզիչ պատկերներ եւս.
Առաջին անգամ Թուրքիա եկողները, որոնք թրքերէն անգամ չեն գիտեր, նստած են հանրակառքի ետին. ո՛չ անուն տալ կ՛ուզեն եւ ոչ ալ խօսիլ։ Բայց արդէն փորձառութիւն ունեցողները կը պատմեն իրենց կեանքի պայմանները։ Սուզան Ակիթլեան կոչ կ՛ընէ լրագրող Շիւքրանին ու կ՛ըսէ. «Ըսէ Շիւքրան ջան, նայէ անգամ մը, այս հայերը գէ՞շ մարդ են»։
Հայաստանցիները նախ ունեւոր հայ ընտանիքներու քով կ՛աշխատին, թրքերէն կը սորվին, ապա ուրիշ գործերու ալ կը ձեռնարկեն, պատմած է յօդուածագիրը, որ կը շարունակէ, թէ Գայիանէ Խանտանեան 12 տարի առաջ Պոլիս եկաւ ու վեց տարի ընտանիքի մը մօտ մանուկ խնամեց, յետոյ ուրիշ տեղեր աշխատեցաւ, իսկ հիմա երկու երկիրներու միջեւ ապրանքի խոխադրութեամբ կը զբաղի։
Յօդուածագիրը կը պատմէ ուրիշ հայաստանցիներու ալ ոդիսականները. ան կը նշէ, որ հայաստանցիները, քիչ մը դրամ շահիլ սկսելէ ետք, իրենց ամուսինը կամ ազգականներն ալ բերել կու տան։ Միայն զաւակները չեն բերեր, որպէսզի անոնք հոն դպրոց յաճախեն։ Իսկ անոնք, որոնք արդէն իսկ իրենց զաւակները բերած են, անոնց համար ուսուցիչ կը վարձեն, կամ զանոնք կը ղրկեն Գումգաբուի եկեղեցւոյ մէջ բացուած անպաշտօն դպրոցը։