ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, Մարտ 28ին, երեկոյեան, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պարսկաստանի «Արարատ» կազմակերպութեան «Արարատ» պարախումբին ելոյթը՝ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի, Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, արուեստագէտներու, արուեստասէրներու եւ համազգայնականներու։
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ նմանօրինակ ձեռնարկներ կամուրջ կը հանդիսանան տարբեր գաղութներու միջեւ ամուր կապերու հաստատման։
Խօսելով «Արարատ» պարախումբին մասին՝ Տեմիրճեան ըսաւ, թէ պարախումբը ստեղծուած է 1981ին եւ անոր գեղարուեստական պատասխանատուն է Կարինէ Ղազարեանը։
Ապա բեմ բարձրացաւ Պարսկաստանի «Արարատ» պարախումբը, որ երկու արարներով, շուրջ երկու ժամուան ընթացքին ներկայացուց հայկական ժողովրդական բազմաթիւ պարեր։ Պարերէն կարելի է յիշել «Գարուն Երեւան», «Կիլիկիա», «Ուզունտարա», «Հողմը հայրենի», «Ծիրանի ծառ», «Զանգեզուր» եւ այլն։
Պարախումբը գեղեցիկ ու բարձրորակ կատարումներով նաեւ ներկայացուց հնդկական, գնչուական, ռուսական, եւրոպական ու այլ պարեր։ Ելոյթին ասմունքներով իր մասնակցութիւնը բերաւ Սեդրակ Գոճամանեանը։
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որ նշեց, թէ այս ձեռնարկը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրացման նպաստող նախաձեռնութիւն մըն է, որ արժանի է գնահատանքի։