ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի Մարտ 28ին, Ծաղկազարդի օրը, հազարաւոր հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն հետ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցած էին Անթիլիասի մայրավանքը:
Անթիլիասի մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին կազմուեցաւ յատուկ թափօր։
Ս. պատարագը մատուցեց Նորայր եպս. Աշըգեան։ Ներկայ բազմահազար ժողովուրդը ծափողջոյններով դիմաւորեց Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ վեհարանի պատշգամը ելլելով՝ իր պատգամը ուղղեց հայ մանուկներուն եւ անոնց ծնողներուն: Ան ըսաւ. «Հայ մանուկներու աչքերուն մէջ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ պայծառ ապագան կը տեսնեմ»:
Պատգամէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց հայ մանուկներն ու անոնց ծնողները: Տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Վեհափառը բոլոր մանուկներուն նուէրներ բաշխեց։
Նշենք, որ իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս Ծաղկազարդի տօնը հռչակած էր «Հայ մանուկներու օր»։
Յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ նաեւ Դռնբացէքի արարողութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ վեհափառին: Քարոզեց Նորայր սրբազանը՝ Քրիստոսի երկրորդ գալստեան պատգամը փոխանցելով ներկայ հաւատացեալներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.