ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան գրական հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Մարտ 4ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ: Այս հանդիպումը նուիրուած էր գրող Վիկտորիա Սանասարեանի նոր հրատարակուած գիրքերուն՝ «Մահ Յաւերժութեան Մէջ» եւ «Տիբետի Առեղծուածը»:
Գրականագէտ Էմմա Ումրոյեան հանգամանօրէն ներկայացուց հեղինակին յիշեալ հատորները, ինչպէս նաեւ հեղինակին հրատարակած արձակ ու բանաստեղծական գրականութիւնը: Սանասարեանը գրական ստեղծագործական ընտիր ճաշակով օժտուած հեղինակ է. ընդարձակ հետաքրքրութիւններով ան կը գրէ հայրենական ու սփիւռքեան թեմաներով, եւ իրապաշտական հանգանակով կ՛արժեցնէ իր գրական անհատականութիւնը:
Միութեան հերթական յաջորդ գրական երեկոն տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Ապրիլ 1ին, ժամի 5էն սկսեալ, ու պիտի ըլլայ ազատ ամպիոն՝ նուիրուած Մեծ Եղեռնի:
Ապրիլ 23ի երեկոյեան ժամի 5ին, միութիւնը նաեւ ծաղկամատոյց պիտի կատարէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող «Ղօղանջ ոգեկոչման» խաչքարին: Գրողները պիտի ընթերցեն Հայկական Ցեղասպանութեան զոհ գացած գրողներու ստեղծագործութիւնները՝ հնչեցնելով նահատակներուն անմահ խօսքը: