ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրած Օրօրա Մարտիկեանի պատմութեան նուիրուած եւ Ցեղասպանութեան մասին լոյս տեսած առաջին շարժապատկերը հանդիսացող «Ravished Armenia»ն (1919), որ երկար տարիներ անհետանալէ ետք մասամբ գտնուած էր, պիտի ցուցադրուի Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, Չորեքշաբթի, Մարտ 24ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ: Մուտքը ազատ է:
Ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ շարժապատկերի պատմաբան Էնթընի Սլատ, որ այս մասին հատոր մը հրատարակած էր եւ վերարտադրած էր գտնուած ֆիլմին բաժինները:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան (NAASR) եւ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի համատեղ ջանքերով: Ձեռնարկը կը հովանաւորէ Կլենտէյլի հանրային գրադարանը: Գրադարանին հասցէն է՝ 222 East Harvard St, Glendale, CA 91205: Տեղեկութեանց համար դիմել (818) 548-3288 թիւին, կամ EGrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէին: