Երեքշաբթի, Փետրուար 23ի յետմիջօրէին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Վիեննայի կաթողիկէ համալսարանի դասախօսներէն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարեկամ-գործակիցներէն փրոֆ. Հանս Եուրկըն Ֆէօլնըրի այցելութիւնը։
Հիւր դասախօսը, երկար տարիներ ծանօթ ըլլալով առաջնորդին՝ նոր տեղեկութիւններ փոխանցեց իր մտաւորական աշխատանքներուն մասին, որոնց մաս կը կազմէ միջեկեղեցական գործակցութեան մարզը։ Առաջնորդը ողջունեց յարգելի դասախօսին ներկայութիւնը եւ որոշ ծանօթութիւններ տուաւ անոր թեմական աշխատանքներուն շուրջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.