ՍԱՆ ՏԻԵԿՕ.- Սան Տիեկօ գաւառի Հայ Դատի յանձնախումբին Լա Հոյայի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիեկոյի մասնաճիւղի ուսանող Հենրիեթթա Մովսէսեանը օրինակ մըն է այն հայորդիներէն, որոնք ուսանելու կամ գործի համար նոր քաղաք մը տեղափոխուելէ անմիջապէս ետք, շրջանին քաղաքական կեանքին մէջ կը նետուին:
Արդարեւ, Հենրիեթթա Մովսէսեան, որ ներկայիս քաղաքական գիտութեանց ճիւղի երկրորդ տարուան ուսանող է, նոր ամբողջացուցած է Սան Տիեկոյի Երիտասարդական յանձնաժողովի ատենապետութեան իր առաջին տարուան նստաշրջանը՝ արժէքաւոր փորձառութիւն շահելով:
Քաղաքապետի գրասենեակին հովանիին տակ գործող սոյն յանձնաժողովը կը հետաքրքրուի երիտասարդական շարք մը հարցերով, եւ յանձնարարութիւններ կը կատարէ ուղղակի քաղաքապետին:
«Քաղաքապետին գրասենեակին մէջ աշխատելով՝ մօտէն ծանօթացայ քաղաքապետութեան տարբեր բաժանմունքներու գործունէութեան», կը յայտնէ Մովսէսեան, որ նաեւ անդամ է նշեալ համալսարանի Հայ ուսանողներու միութեան, եւ փոխատենապետն է Սան Տիեկօ գաւառի Հայ Դատի յանձնախումբին: