ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Սկաուտական աշխատանքները խիստ կարեւոր են հայ պատանին նախապատրաստելու կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւելու կարեւոր գործին մէջ: Ակնարկուած դժուարութիւնները յաղթահարելու զանազան միջոցներու մասին լաւապէս տեղեակ է շրջանի ՀՄԸՄի սկաուտական բաժանմունքը, որոնց համար մեծ տեղ վերապահած է իր յայտագիրներուն մէջ: Առաւել, Շրջանային Սկաուտական խորհուրդը մօտէն կը հետեւի մասնաճիւղերու սկաուտական բոլոր աշխատանքներուն եւ համապատասխան ուղղութիւններ կու տայ գլխաւորաբար սկաուտ ղեկավարներուն՝ դասախօսութեանց, սեմինարներու, արշաւներու, բանակումներու եւ գործնական աշխատանքներու ընդմէջէն:
Այս իմաստով Յունուար 22-24ի շաբաթավերջը յատկանշական եղաւ շրջանի ՀՄԸՄի սկաուտական կեանքէն ներս: Այս շաբաթավերջին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ սկաուտ պատասխանատուներու ղեկավարներու պատրաստութեան սեմինարը, Փասատինայի Հայ կեդրոնէն ներս, մասնակցութեամբ շրջանի մասնաճիւղերու սկաուտական բաժանմունքներու աւելի քան երկուհարիւր արի-արենոյշ պատասխանատուներուն:
Սեմինարի ընթացքին մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ հրամցուեցան անհրաժեշտ նիւթերը, որոնց ընդմէջէն ստեղծուած ընկերային ուրախ մթնոլորտը, աննախընթաց հետաքրքրութիւն ստեղծեց սեմինարին մասնակից փոխառաջնորդ եւ վերի աստիճան ու պաշտօն ունեցող քոյր-եղբայրները:
Փոքր աստիճանաւորներու եւ բարձր սկաուտական պաշտօններ ստանձնած քոյր-եղբայրներու այս համատեղումը իւրայատուկ է միայն ՀՄԸՄի մէջ, որուն շնորհիւ ոչ միայն գիտելիքներու փոխանակումներ կը կատարուին, այլ նաեւ իրար հասկացողութեան եւ մանաւանդ յարգանքի չափանիշը կը գնահտուի մասնակիցներուն մօտ:
Շահեկան այս սեմինարի յայտագիրը կ՛ընդգրկէր համադրուած խաղեր, պատասխանատուներուն դիմագրաւելիք մարդահրաւէրներն ու աշխատանքները: Նիւթերը գլխաւորաբար կ՛ընդգրկէին սկաուտ ղեկավարներու դերակատարութիւնը, սկաուտական արարողութիւնները, ղեկավարի մը օրինակելի տիպարը, դաստիարակչական նիւթերու ազդեցիկ ներկայացման միջոցները, աշխատանքներու արժեւորումները կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ժողովներ վարելու ձեւերը, ինչպէս նաեւ սկաուտութեան կազմաւորումը:
Կարեւոր այս սեմիմարի ընթացքին շեշտուեցան նաեւ.
* Մրցակցութիւնը սկաուտական խումբերէն ներս եւ այլ խումբերու հետ
* Խմբային աշխատանքի կարեւորութիւնը
* Հաճոյքով մասնակցութիւնը՝ սկաուտական ամբողջական աշխատանքներուն
* Սկաուտական կարգերու նոր գիրքի ներկայացում
* Սկաուտական ղեկավարի կարողութիւնները՝ զանազան մակարդակներու վրայ
* Ստացած գաղափարներու իրագործումը՝ մասնաճիւղերէն ներս
Հետաքրքրական էր տեսնել, թէ սեմինարի մասնակիցներու հետեւողականութիւնը կետադրութեամբ արժեւորուեցաւ: Սկաուտական աշխատանքներու եւ բանակումներու ընթացքին որդեգրուած սովորական աշխատանքներուն առընթեր, յատուկ տեղ տրուած էր հայերէն լեզուի գործածութեան, որ մեծապէս գնահատելի քայլ մըն էր:
Սեմինարի մասնակիցները, հրամցուած բոլոր նիւթերուն լրջութեամբ հետեւեցան եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին կատարուող բոլոր գործնական աշխատանքներուն:
Շաբաթ, Յունուարին 22, հակառակ ընթացած հեւքոտ աշխատանքին, երեկոյեան տեղի ունեցաւ սկաուտական կեանքի ամէնէն յատկանշական ձեռնարկը՝ խարոյկահանդէսը, որուն վառելու պատիւը տրուեցաւ շրջանի անցեալի ծանօթ խմբապետներէն՝ Վարուժ Միրզայեանին: Նկատի ունենալով, որ եղբայրը Ամերիկեան Սկաուտութեան Վրտիւկօ Հիլզի խորհուրդի կողմէ շուտով պիտի պարգեւատրուէր «Արծաթէ Կուղբ 2009» (Silver Beaver) բարձրագոյն մրցանակով, շրջանի սկաուտութեան անունով եղբօր յանձնուեցաւ նաեւ յիշատակի նուէր մը: Այնուհետեւ շարունակուող խարոյկահանդէսը աննկարագրելի ուրախ մթնոլորտի մը մէջ ընթացաւ:
Կիրակի, Յունուարին23, միօրեայ սեմինարին յաջորդեց մասնաճիւղերու խմբապետներու, միաւորի խմբապետ-խմբապետուհիներու եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց սկաուտ ներկայացուցիչներու միացեալ ժողովը, որու ընթացքին կատարուեցաւ սեմինարի արժեւորումը, քննուեցան շրջանի Սկաուտական յառաջիկայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ սկաուտական աշխատանքները առաւել հետաքրքրական դարձնելու միջոցները:
Ժողովի ընթացքին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ սեմինարի կազմակերպիչ յանձնախումբին, անցեալի խմբապետ-խմբապետուհիներուն սեմինարին իրենց մասնակցութեան համար, Շրջանային վարչութեան, դասախօսներուն, հիւրերուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց օգտակար ներդրումը ունեցան սեմինարի յաջողութեան:
«Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի անունով կը շնորհաւորեմ սեմինարի մասնակցած բոլոր քոյր-եղբայրները, որոնք լրջութեամբ հետեւեցան իրենց հրամցուած ղեկավարման աշխատանքներուն օգտակար հանդիսացող հիմնական նիւթերուն: Ղեկավարման յատուկ գիտելիքներու փռխանցումէն անկախ, այս նախաձեռնութիւնը յաջողեցաւ համախմբել շրջանի սկաուտ ղեկավարները՝ միութենական ուրախ մթնոլորտի մը մէջ:
«Շրջանային Սկաուտական խորհուրդը հպարտ է ի տես շրջանի սկաուտ ղեկավարներու աշխոյժ գործունէութեան եւ կը յուսայ, թէ սեմինարի մասնակիցները նոյն ոգիով կը շարունակեն իրենց վստահուած պարտականութիւնները, յաջողութեան առաջնորդելով սկաուտական աշխատանքները», ընդգծեց Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչը:
Սեմինարի ամբողջ տեւողութեան ներկայ գտնուեցաւ եւ մօտէն հսկեց աշխատանքներուն Շրջ. վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ եղբ. Փիէռ Մանուկեանը: Սեմինարի վայրը այցելեց նաեւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Սթիւ Արթինեան եւ իր խրախուսական խօսքերով քաջալերեց մասնակիցները եւ ընկերացաւ սեմինարին հետեւած քոյր-եղբայրներու գնահատագրերու յանձնումի արարողութեան:
————————————————————————————————————————–
ՀՄԸՄի Սան Տիէկոյի 25րդ Միջ-Մասնաճիւղային Մարզախաղերը
ՀՄԸՄի Սան Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղի կազմակերպած պասքէթպոլի եւ վոլիպոլի միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերը տեղի ունեցան Փետրուար 13-15ի երկար շաբաթավերջին, տեղւոյն Alliant International University-ի մարզադաշտերուն վրայ:
Շրջանային Մարզական խորհուրդի օգնութեամբ իրագործուող եզակի այս մարարզախաղերը մեծ նշանակութիւն ունին «Սեւան» մասնաճիւղին համար, որոնք ամբողջ քառորդ դար կազմակերպուելով արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած են շրջանէն ներս եւ պատմական իրենց նշանակութեամբ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած են Սան Տիէկոյի հայկական փոքրիկ գաղութէն ներս:
Ամէն տարի Փետրուարին իրագործուող այս մարզախաղերուն այս տարի մասնակցեցան շրջանի ՀՄԸՄի 15 մասնաճիւղերէ Ա., Բ. եւ Գ. դասակարգերու 81 պասքէթպոլի երկսեռ խումբեր եւ վոլիպոլի Ա. դասակարգի չորս խումբեր:
Միատեղ վեց մարզադաշտերու վրայ ընթացող այս մրցումներուն, զտումի մրցումները տեղի ունեցան Շաբաթ, 13 եւ Կիրակի, 14 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 8էն, մինչեւ երեկոյեան ժամը 9ը, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով մրցող խումբերուն եւ մարզասէր հանդիսատեսին մօտ:
Մարզադաշտերու միատեղ ըլլալու իրողութիւնը մեծապէս նպաստեց մրցումներու հեզասահ ընթացքին: Ոչ մէկ ուշացում արձանագրուեցան: Իսկ մարզասէր հասարակութիւնը կարելիութիւնը ունեցաւ միաժամանակ ընթացող վեց մրցումներուն հետեւիլ եւ քաջալերել մրցող խումբերը:
Ախոյեանութեան մրցումները տեղի ունեցան Երկուշաբթի, Փետրուարին 15 եւ իրենց աւարտին հասան նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 3ին: Իւրաքանչիւր մրցումէ ետք յանձնուեցան յաղթանակի բաժակները:
«Պէտք է ընդգծել, թէ յատկապէս վերջին տարիներուն, ՀՄԸՄի պասքէթպոլի խումբերը մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած են իրենց մարզական կարողութիւններուն մէջ: Գրեթէ բոլոր մրցումներն ալ հաւասար ոյժերով կ՛ընթանան եւ եթէ նկատէք արձանագրուած արդիւնքներուն միջեւ քիչ են տարբերութիւնները: Ուրախալի է այս երեւոյթը: Շրջանային վարչութիւնը կը քաջալերէ նման մարզախաղերու մասնակցութիւնը, ուր յաղթանակը պէտք չէ ըլլայ առաջնահերթը, այլ մասնակցութիւնը եւ մրցակցութեան ոգին», ընդգծեց Շրջանային վարչութեան մարզական ներկայացուցիչ Ժանօ Գահվէճեան, որ մարզախաղերու ամբողջ տեւողութեան մօտէն հետեւեցաւ ընթացող մրցումներուն:
Մարզախաղերուն ներկայ գտնուեցան եւ մրցող խումբերը քաջալերեցին Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեան, Մարօ Քէշիշեան եւ Թովմաս Տէօքմէճեան:
Մրցումներու աւարտէն ետք, մարզախաղերու կազմակերպիչ մասնաճիւղի ատենապետ Ռաֆֆի Վարժապետեան գոհունակութեամբ հաստատեց, ըսելով՝ «Ինչպէս ընդհանրապէս Ամերիկայի մէջ, նոյնպէս նաեւ ՀՄԸՄէն ներս պասքէթպոլը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, որուն փաստը այս մրցումներուն մասնակցող 81 պասքէթպոլի խումբերն են: Պասքէթպոլէն անկախ, այլ մարզաճիւղեր քաջալերելու համար, վոլիպոլը եւս ընդգրկած էինք այս մրցումներուն մէջ, որուն թէեւ այս տարի միայն չորս խումբեր մասնակցեցան, սակայն յառաջիկային վստահ ենք որ առաւել հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծէ նաեւ այս մարզաճիւղը: Մեծապէս շնորհակալ ենք Շրջանային Մարզական խորհուրդէն եւ մասնաճիւղերէն, որոնք այս մրցումներուն մասնակցելով անմոռանալի շաբաթավերջ մը կը ստեղծեն Սան Տիէկոյի մէջ»:
Ստորեւ մրցումներուն արդիւնքները.
ՊԱՍՔԷԹՊՈԼ
Ա(1) ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ՄԱՆՉԵՐՈՒ ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- ՀՄԸՄի «Արարատ«(1) մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի «Արարատ«(2) եւ Լոս Անճելըսի (2) մասնաճիւղեր
Ա(2) ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ՄԱՆՉԵՐՈՒ ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի (2) մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի (1) մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի «Արարատ«(2) եւ «Շանթ»(1) մասնաճիւղեր
Ա(3) ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ՄԱՆՉԵՐՈՒ ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- ՀՄԸՄի Ազատամարտ(1) մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի «Արարատ»(3) մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի «Արարատ«(2) եւ Սան Ֆրանսիսքօ մասնաճիւղեր
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ԱՂæԻԿՆԵՐ
(Upper)
1.- ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի «Արարատ»(1) մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» եւ «Արարատ»(2) մասնաճիւղեր
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ – ԱՂæԻԿՆԵՐ (Lower)
1.- ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի «Արարատ»(1) եւ «Արարատ»(2) մասնաճիւղ
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ ՄԱՆՉԵՐ
1.- ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքօ մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի «Շանթ» եւ «Սիփան» մասնաճիւղեր
Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ ՄԱՆՉԵՐ(Upper)
1.- ՀՄԸՄի «Արարատ»(2) մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի «Արարատ»(1) մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի «Արարատ»(3) եւ «Ազատամարտ»(1) մասնաճիւղեր
Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ ՄԱՆՉԵՐ(Lower)
1.- ՀՄԸՄի «Ազատամարտ»(2) մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի «Արարատ»(4) մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղ
Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ ՄԱՆՉԵՐ/ԱՂæԻԿՆԵՐ
1.- ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ
ՎՈԼԻՊՈԼ
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ ԱՂæԻԿՆԵՐ
1.- ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղ
2.- ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղ
3.- ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ