ՊՈԼԻՍ.- «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Ահմետ Ատիփ Ուղուր յայտարարած է, որ կուսակցութեան նախկին պատգամաւորներէն եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի նախկին խորհրդական Թուրան Չոմեզ, որ վարչապետի աջ բազուկը կը համարուէր, ծրագրած էր յեղաշրջման պարագային դառնալ Թուրքիոյ վարչապետ։
Թուրան Չոմեզ, գիտակցելով, որ երեսփոխան ընտրուելու յոյս չունի, որոշած է դաւաճանել Էրտողանին եւ իր կուսակցութեան՝ համագործակցելով Թուրքիոյ իշխանութիւնները տապալել ծրագրած խմբաւորումներու հետ, այն պայմանով, որ յեղաշրջումէն ետք զինք վարչապետ նշանակեն։
Ապրիլ 2008ին, Թուրան Չոմեզ հեռացուած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն՝ կուսակցութիւնը վարկաբեկելուն համար, իսկ Յուլիսին, դատարանը անոր դէմ ձերբակալման որոշում կայացուցած էր՝ «Էրկենեքոն»ի հարցով հետապնդումներու ծիրէն ներս:
Որոշումէն անմիջապէս ետք, Չոմեզ Անգլիա ապաստանած է։
Նշենք, որ Չոմեզ 2004ին Հայաստան այցելած էր, եւ մասնակցած պատկերասփիւռային յայտագիրի մը, իսկ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ուսանողներու հետ հանդիպման ընթացքին, ուսանողներէն մէկուն խնդրանքին ընդ-առաջելով, մէկ վայրկեան լռութեամբ, յոտկնկայս յարգած էր Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.