ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ զօր. Ճենկիզ Մամատովի գլխաւորած պատուիրակութիւն մը Երկուշաբթի, Փետրուար 22ին Թուրքիա մեկնած է՝ յառաջիկայ երեք օրերու ընթացքին թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ խորհրդակցութիւններ ունենալու համար:
Երկու երկիրներուն միջեւ նման բարձրաստիճան խորհրդակցութիւններ վերջին անգամ տեղի ունեցած էին Դեկտեմբեր 2008ին:
Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդած տեղեկութեանց, երկու կողմերը պիտի քննեն ռազմական գրեթէ բոլոր մարզերու մէջ գործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.