ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինին, մասնակցութեամբ ՀՅԴ ներկայացուցիչներու ու ուսանողական միութիւններու անդամներու, Փետրուար 18ին, Երեւանի Անգլիական այգիին մէջ ծաղկեպսակներ տեղադրուեցան 1921ի Փետրուարեան ապստամբութեան զոհերու յուշարձանին դիմաց: Այնուհետեւ ներկաները մեկնեցան Գառնի՝ ծաղիկեր զետեղելու ապստամբութեան խմբապետներու գերեզմանին:
Նշենք, որ Փետրուարեան ապստամբութիւնը բարձրացած էր Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններուն դէմ, եւ զայն ուղղորդած եւ ղեկավարած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Պատճառը՝ իշխանութեան վարած քաղաքականութիւնն էր՝ ունեցուածքի համատարած բռնագրաւում, զանգուածային բանտարկութիւններ ու գնդակահարութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայկական Հարցի փաստացի անտեսում: