ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Հինգշաբթի, Փետրուար 18ին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ շրջանառութեան դրուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը պիտի վնասէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ քննարկուելիք Ցեղասպանութեան բանաձեւին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղարի տեղակալը, Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան ընթացքին, հարցը մանրամասն կերպով քննած է։
Անգարայի մէջ, Պուրքինա Ֆասոյի արտաքին գործոց նախարար Պետումա Ալան Եոտայի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Տաւութօղլու յայտնեց, թէ Թուրքիա մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացի շարունակման եւ Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման։ «Կը հաւատանք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ այս նոր նախաձեռնութիւնը (Ցեղասպանութեան բանաձեւը) պիտի վնասէ մեր բոլոր ջանքերուն», ըսաւ ան։
Davoud m’avoud o^glu’n dagavine tchi hassgetsav te(intchou hassgena) Venassagar’e ink é ayssinkn miayn yev mimayn ink
soud ou poud dzakhou kenvadz “phd” khochor soud’e ir tountchine neman bidi gelletsné medz bedoutioun essvadz kazananotsine badgerine youryants
yerarneli Dzaroug’i échoun neman
bedk e badjel ayt an-badgar’e ir nemanine neman varmounk tsouyts daloun hamar