ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդած է, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ եւ ամերիկահայութեան երկարամեայ բարեկամ Հաուըրտ Պըրմըն (Քալիֆորնիայէն), որոշած է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը յանձնախումբին օրակարգին վրայ դնել Մարտ 4ին:
Կ՛ակնկալուի, որ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը նոյն օրն իսկ քուէարկելով՝ որոշէ, թէ թիւ 252 բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին պիտի փոխանցուի՞, թէ ոչ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան այս հարցով Հինգշաբթի օր հանդիպում մը ունեցած էր Պըրմընի, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու գործընթացին սատարող շարք մը քոնկրեսականներու հետ, որոնց շարքին էին բանաձեւի համահեղինակներ Էտըմ Շիֆ, Ֆրէնք Փալոն, Պրեթ Շըրմըն ու Էտ Ռոյս։ Բանաձեւը ցարդ ապահոված է Ներկայացուցիչներու տան 135 անդամներուն հովանաւորութիւնը: Անոր միւս համահեղինակներն են Ճորճ Ռատանովիչ ու Մարք Քըրք: Ծերակոյտին մէջ ծերակուտականներ Ճան Էնսայնի ու Պապ Մենենտեզի կողմէ ներկայացուած նման բանաձեւ մը ապահոված է 13 հովանաւորներ:
Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, Քեն Խաչիկեան շեշտած է, որ այս ձեւով անոնք յոյժ նշանակալի քայլ կը կատարեն՝ Թուրքիոյ հասկցնելով, որ Միացեալ Նահանգները մասնակից պիտի չըլլայ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը ուրանալու Անգարայի բարոյազուրկ քաղաքականութեան։ «Մենք յառաջիկային նաեւ կարելին պիտի ընենք, աշխատելով երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, բանաձեւը վաւերացնելու համար ո՛չ միայն Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին, այլ նաեւ Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին կողմէ», ըսաւ Խաչիկեան։
Յիշեցնենք, թէ անցեալ Դեկտեմբերին, Ուաշինկթընի մէջ, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Հաուըրտ Պըրմընի հետ հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ Հայաստանի խորհրդարանի մէջ անոր պաշտօանկից Արմէն Ռուստամեանը, ու քննարկուող հարցերու շարքին եղած էին սոյն բանաձեւի վաւերացման եւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու հարցերը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀԵԴն, ինչպէս նաեւ համայնքային շարք մը կազմակերպութիւններ կը շարունակեն քոնկրեսականներու հետ կապուիլ՝ անոնց աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով:
Այս շաբթուան ընթացքին, Մեսեչուսեցի Հայ Դատի յանձնախումբը սկսած էր համացանցային արշաւի մը՝ գործակցելով հայկական եւ հրէական կազմակերպութիւններու հետ, որուն նպատակն է համոզել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման եւ Քոնկրեսը, որ պաշտօնապէս ճանաչում շնորհեն Հայկական Ցեղասպանութեան: Այդ ստորագրահաւաքին կարելի է մասնակցիլ՝ այցելելով www.change.org/recognizearmeniangenocide համացանցային կայքէջը:
Յիշեցնենք, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող նման բանաձեւեր 2000ին, 2005ին ու 2007ին վաւերացուած են Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ, սակայն կարելի չէ եղած զանոնք լիագումար նիստ հասցնել: