ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Եթէ կեանք մը փրկելու համար բանակ պէտք է կազմել, կազմե՛նք:
Նարեկ Մովսիսեանը՝ փոքրիկ, եռամեայ մանուկը, պէ՛տք է ապրի եւ ամէն հնարաւոր բան պէ՛տք է ընել, որպէսզի ան յաղթահարէ վատ հիւանդութիւնը:
Նարեկին մայրը՝ Անահիտ Բարսեղեանը, անոր ընտանիքը, բարեկամները, հսկայական զոհողութիւններով անկարելին կարելի դարձուցած են եւ տեղւոյն բժիշկներու խորհուրդով ու Լոս Անճելըսի «Յոյսի քաղաք» հիւանդանոցի բժիշկներուն խրախուսանքով, երեխան Հայաստանէն հասցուցած են այստեղ:
Նարեկ արդէն սկսած է բուժում ստանալու եւ մօր վկայութեամբ, արդէն աշխուժացած է ու սկսած է խաղալու, կեանք մտած է մէջը:
Փոքրիկ Նարեկին բուժումը պիտի տեւէ առնուազն ինը ամիս: Ան արդէն ճառագայթային ծախսալի բուժման սկսած է: Նախնական գնահատումով, այս բուժումը 200,000 տոլար պիտի արժէ:
Այսպիսի կեանք փրկող գործ մը գլուխ հանելու համար, իրապէս բարեսէր մարդոց բանակի մը կարիքը կայ:
Ուրեմն, զօրակոչը յայտարարուած է: Ամէն մարդ, ըստ իր հնարաւորութեան, այս բանակին զօրասիւնը ըլլալու առիթը ունի:
Անոնք, որոնք կ՛ուզեն միանալ այս պայքարին, կրնան իրենց տուրքէ զերծ նուէրը ուղարկել հետեւեալ հասցէին.
Desi Geestman Foundation, Los Angeles County Office, 3131 Foothill Boulevard, Suite L, La Crescenta, CA 91214.
Չէքին վրայ անպայման նշեցէք Նարեկ Մովսիսեանի անունը:
May God Bless this child, I saw it on the Horizon News and the other day someone sent me a link to the Facebook page which has all the updated information about this dear boy. Anushik balik!!!! His Facebook page is called “Narek Needs You”
Maria Kandarian, Boston, MA.