ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, Յունուար 29ին ներկայացուեցան Երեւանի պետական համալսարանի առաջին պատուաւոր դոկտոր, 20րդ դարու մեծ մարդասէր, խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Ֆրիտեօֆ Նանսէնի 8 գիրքերու հայերէն թարգմանութիւնները: Նշենք, որ մեծ արժէք կը ներկայացնեն անոր գնահատականները՝ Հայաստանի, 20ական թուականներու հայ ազգի պատմական ճակատագրի, թրքական անմարդկային բռնութիւններու եւ դիւանագիտական խարդաւանքներու, ինչպէս նաեւ եւրոպական բազմադիմի ու շահադիտական քաղաքականութեան մասին:
Ազգային գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց «Ֆրիտեօֆ Նանսէն» հիմնադրամի տնօրէն Ֆելիքս Բախչինեանի կատարած աշխատանքը եւ անոր յանձնեց Ազգային գրադարանի «Յակոբ Մեղապարտ» ոսկէ շքանշանը։
Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան նշեց, որ թէեւ մեծ է Ֆ. Բախչինեանի աւանդը արդի հայ գրականութեան նշանաւոր գիրքերու հրատարակման ու թարգմանութեան գործին մէջ, սակայն անոր ամենամեծ գործերէն մէկը Ֆ. Նանսէնը հայ ժողովուրդին ներկայացնելն է՝ հիմնելով «Ֆրիտեօֆ Նանսէն» հիմնադրամը եւ ծաւալելով բազմաշերտ ուսումնասիրութիւն՝ նանսէնեան գրականութեան ոլորտին մէջ:
Ֆ. Բախչինեանի աւանդին մասին գնահատական խօսքեր ըսին նաեւ Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան նախագահն ու ոստիկանապետի տեղակալը, որոնցմէ ետք երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Ֆ. Բախչինեան։