ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդականի տեղակալ Նամըք Թան, որ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ նոր դեսպան նշանակուեցաւ, «Թիւրք Տէմօքրասի» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած ու Երեքշաբթի, Փետրուար 2ին տեղի ունեցած համագումարի մը ընթացքին, խօսեցաւ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն մասին եւ ըսաւ, որ այս տարուան Ապրիլ ամսուան մէջ ամերիկեան Քոնկրեսին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին «հակաթուրք բանաձեւի մը» վաւերացումը հաւանական չէ:
«Ո՛չ այս տարի, ոչ ալ յառաջիկային Ամերիկա այսպիսի բան մը պիտի ընէ», ըսաւ նորընտիր դեսպանը։ Թան նաեւ նշեց, որ նմանօրինակ բանաձեւեր «ծայր աստիճան անտեղի ու անհիմն են», յատկապէս այս օրերուն, երբ Թուրքիա իր պատմութեան ամէնէն կարեւոր որոշումներէն մէկը ընդունելով՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու արձանագրութիւնները ստորագրեց, առանց նախապայմաններու:
Նորընտիր դեսպանը նաեւ ըսաւ, որ սխալ պիտի ըլլայ Թուրքիան խրտչեցնել հայկական բանաձեւերու մասին սպառնալիքներ կատարելով։ «Մենք ամերիկացի մեր դաշնակիցներէն այդպիսի ժխտական շարժում մը չենք ակնկալեր ո՛չ այս տարի, ո՛չ ալ յառաջիկայ տարիներուն, եւ յատկապէս այս տարի, երբ այնքան բովանդակալից ու արդիւնաւէտ գործակցութիւն մը հաստատուած է մեր միջեւ։ Բանաձեւի մը վաւերացումը հարուած մը պիտի հասցնէ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու նպատակով որդեգրուած աշխատանքներուն», աւելցուց ան։ Նորընտիր դեսպանը իր տեսակէտները պարզեց Թուրքիան շահագրգռող այլ հարցերու մասին եւս։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.