ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- ՀՅԴ քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնած է, թէ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վաւերացումը կանգ առած է, որովհետեւ Թուրքիան կը շարունակէ պնդել՝ մինչեւ արձանագրութիւններու ստորագրումը՝ իր կատարած յայտարարութեան վրայ, ըստ որուն, ինք Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները պիտի չհարթէ այնքան ատեն, որ Ղարաբաղի հարցը չէ կարգաւորուած:
Ըստ Մանոյեանի, այդ է պատճառը, որ Թուրքիան արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը չէ սկսած, հակառակ անոր, որ զայն ներկայացուցած է խորհրդարան։
ՀՅԴ քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուին գնահատումով, որքան ուշանայ Հայաստանի կողմէ յայտնելը, թէ՝ այդ գործընթացը տապալուած է, այնքան պիտի դժուարանայ հետագային զայն ըսելը, «Որովհետեւ Թուրքիան անընդհատ փորձելու է սպառնալ, որ եթէ յանկարծ այս արձանագրութիւնների վաւերացման գործընթացը տապալուի, ուրեմն՝ վերջ», նշած է Կ. Մանոյեան:
Անդրադառնալով վերջին օրերու այն վերլուծութիւններուն, ըստ որոնց, չի բացառուիր, որ յառաջիկային Ղարաբաղեան պատերազմը վերսկսի, Կիրօ Մանոյեան համոզում յայտնած է, թէ անոնք որոշ շրջանակներու կողմէ ստեղծուող ընդհանուր մթնոլորտ են եւ ճնշման ու վախցնելու ձեւեր են, որոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ. «Իրականում, կարծում եմ, արձանագրութիւնների վաւերացման առաջ գնալը կարող է Ատրպէյճանը մղել խանգարելու այդ գործընթացը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.