ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն՝ ծովակալ Տենիս Պլեր, Փետրուար 2ին ներկայացուցած «Միացեալ Նահանգներու դէմ ծառացած ներկայ եւ ապագայ վտանգներ» նիւթով զեկոյցին մէջ, Ծերակոյտի գաղտնի սպասարկութեանց հարցերով զբաղող յանձնախումբին յայտնած է, թէ «Կովկասի մէջ չլուծուած հարցերը Եւրասիոյ շրջանին մէջ ամէնէն հաւանական տագնապի օճախները կը նկատուին»։
Ըստ Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի լրատու գործակալութեան (ԱՓԱ) լրագրողին, Պլեր նաեւ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին։ Ան յայտնած է, որ «Թէեւ անցեալ տարուան ընթացքին Թուրքիա-Հայաստան մերձեցման ուղղութեամբ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, ատիկա ազդած է (ժխտականօրէն) Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նուրբ յարաբերութեան վրայ, եւ աճեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ վերանորոգ տագնապի մը վտանգը», հաւանական դարձնելով պատերազմ մը երկու երկիրներուն միջեւ:
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ, Ամերիկայի հետազօտական կեդրոններէն մէկը՝ «Սթրաթֆոր»ը, հանդէս եկած էր նման զգուշացնող վերլուծութեամբ, ազդարարելով, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէ: