ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կը վերցնենք:
Թուրքիոյ դեսպանը, Ուաշինկթընի մէջ, հզօր երկրի շունչով տոգորուած ու նոր նշանակուած պաշտօնեայի աշխուժութեամբ, ի լուր ամերիկահայութեան կը յայտարարէ, թէ ի զուր են Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը Քոնկրեսին կողմէ հաստատելու մեր ջանքերը, մեր աշխատանքները:
Ոչ այսօր, ոչ ալ հետագայ տարիներուն յոյս ունեցէք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պիտի յանդգնի անտեսել Թուրքիոյ հետ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող իր յարաբերութիւնները, պիտի համարձակի վտանգել զանոնք՝ վաւերացնելով Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը: Այս է թուրք դեսպանին պատգամը:
Անշուշտ, նոր պատգամ մը կամ սպառնալիք մը չէ ասիկա: Պարզապէս նոր փորձ մըն է ընկճելու մեր ոգին, բարոյալքելու մեզ, անհեռանկար ներկայացնելով ահագին ճիգ ու երանդ խլող Հայ Դատի տեղական, շրջանային ու կեդրոնական գրասենեակներուն յարաբերական ու բացատրական լայնածաւալ գործունէութիւնը:
Անցեալին չենք ընկճուած ու չեմ խորհիր, որ նոր իրավիճակները կամ պայմանները աւելի վատ հեռանկարներ կը բանան մեր առջեւ՝ քան առաջ: Ընդհակառակը, տարուէ տարի աւելի կը կատարելագործուին Ցեղասպանութիւնը համընդհանուր դատապարտանքի արժանացնելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, որոնց ստեղծած մթնոլորտը հետզհետէ պիտի նեղցնէ օղակը ամերիկեան Քոնկրեսին ու գործադիր իշխանութեանց շուրջ՝ զանոնք զրկելով անտեսելու, անտարբեր մնալու եւ հարցը դիմագրաւելէ խուսափելու միջոցներէն:
Խմբագրական հռետորութեամբ մենք մեզ մխիթարելու, մեծադղորդ յայտարարութիւններու ետին թաքնուելու, թէ իրական գործով, աշխատանքով, դրամով ու համայնքի լայն զօրաշարժով թուրք դեսպանին զգաստացնելու երկընտրանքը գոյութիւն չունի մեզի համար:
Հայ Դատի յանձնախումբերը վերցուցած են ձեռնոցը: Վաղուց: