ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ, Ազգային ժողովի նիստին, կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ընթացքին «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Նայիրա Զոհրաբեան դիմած է արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին՝ հարց ուղղելով, թէ արդեօք Սոչիի մէջ երեք երկիրներու նախագահներու հադիպման իբրեւ արդիւնք ծնած փաստաթուղթի նախաբանին մէջ ԼՂ մասնակցութեան վերաբերեալ նշում կա՞յ:
Նալբանդեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարած է, թէ Հայաստան բազմիցս հանդէս եկած է ի նպաստ ԼՂի՝ սոյն բանակցութիւններուն մասնակցութեան: Ըստ նախարարին, ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ անկարելի է վերջնական համաձայնութեան հասնիլ, առանց ԼՂՀի մասնակցութեան: Նշենք, որ ատրպեճանական կողմը հերքած էր այն լուրը, թէ՝ նախաբանին մէջ ԼՂի մասնակցութեան մասին որեւէ նշում կայ:
«Այն, ինչ ադրբեջանցիներն են ասում, եւս մէկ անգամ ցոյց է տալիս իրենց ապակառուցողական մօտեցման եւս մէկ դրսեւորումը», յայտնած է Նալբանդեան:
Անդրադառնալով վերջերս Իսլամական համագումար կազմակերպութեան կողմէ Խոջալուի իրադարձութիւնները իբրեւ հակա-ազերիական ցեղասպանութիւն բնութագրուելու բանաձեւին՝ Նալբանդեան յայտնած է, թէ նշեալ կազմակերպութեան մասնակիցներէն շատերուն հետ Հայաստանը ունի բարեկամական յարաբերութիւններ: Ըստ նախարարին, Իսլամական այս կազմակերպութիւնը յաճախ որոշումներ կը կայացնէ առանց քուէարկութեան:
Նախարարը նաեւ յիշեցուցած է, թէ վերջին երկու տարուան ընթացքին տարածաշրջանային ու միջազգային որեւէ կազմակերպութիւն չէ կատարած յայտարարութիւն մը, «որը համահունչ չլինի մեր մօտեցումներին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.