«Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ էրզրումցի գործարարներ յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ պահանջած են բանալ Հայաստանի հետ սահմանը։ Արեւելեան Անատոլուի արտածողներու միութեան նախագահ Ճեմալ Շենկել յայտարարած է, որ պէտք է «անցեալին մէջ ձգել հայերու եւ թուրքերու միջեւ կատարուածը» ու յառաջ շարժիլ։ Ան ըսած է, թէ իրենք Հայաստանի հետ առեւտուրի ծաւալները մեծցնելու նպատակով երկկողմանի հանդիպումներ կ՛իրականացնեն եւ նոր նախագիծեր կը պատրաստեն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.