ՊՈԼԻՍ.- «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Երկուշաբթի, Փետրուար 1ին տեղի ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի միակ քրտամէտ կուսակցութեան՝ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան, արտակարգ համագումարը, որուն ընթացքին ղեկավար ընտրուած է Տիարպեքիրէն երեսփոխան Սելահատին Տեմիրթաշ։
Համագումարին ընթացքին չէ հնչած Թուրքիոյ քայլերգը, այլ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւններու մեղադրանքով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Ապտուլլահ Օչալանը գովերգող կարգախօսեր հնչած են եւ զոհուած քիւրտ զինեալներու անունները ընթերցուած են։ Սրահին մէջ զետեղուած է Թուրքիոյ դրօշակը, որուն մօտ կախուած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան քաղաքացիական կառոյցը համարուող Քրտական հասարակութիւններու միութեան անդամ քիւրտ քաղաքապետներու եւ կուսակցութեան ձերբակալուած անդամներուն նկարները։
Համագումարին մասնակցած է Օչալանի եղբայրը՝ Մեհմետ Օչալանը, Հոկտեմբերին հիւսիսային Իրաքէն վերադարձած եւ ազատ արձակուած քիւրտեր, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանի որոշումով փակուած Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ահմետ Թիւրք։
Կուսակցութեան նախկին եւ նոր ընտրուած ղեկավարները քննադատած են Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ զանոնք մեղադրելով քրտական հարցի լուծումը շահագործելու յանցանքով:
«Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Անգարայի դատախազութիւնը արդէն իսկ հետաքննութիւն բացած է այս համագումարին վերաբերեալ։ Դատախազ Քուրսաթ Քայրալիի ամբաստանագրին համաձայն, համագումարին ընթացքին հնչած են «ժողովուրդը բանակէն հեռացնելու» միտող պնդումներ եւ առնուած են «քաղաքական կուսակցութիւններու ոգիին հակասող» քայլեր: