ՊԱՔՈՒ, «Փանորամա».- «Նիուզ. Ազ» լրատուական կայքի հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, Փետրուար 1ին, Ատրպէյճանի Շիրվան շրջանի վերաքննիչ դատարանին մէջ տեղի ունեցած է դատավարութիւն՝ ատրպեճանական բանակի զինուորական չորս ծառայողներու հարցով: Անոնք կը մեղադրուէին պետական դաւաճանութեան յանձանքով։
Ներկայացուած մեղադրանքին համաձայն, նշեալ ծառայողները պարբերաբար լքելով իրենց մարտական կեդրոնները՝ ռազմական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ հաղորդած են հայկական կողմին: