Յունուար 23ին, Սոֆիայի «Ռոտինա» հիւրանոցի մէջ տեղի ունեցաւ Պուլկարիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վերականգման ժողովը: Բոլոր երկրի հայաշատ քաղաքներէն՝ Սոֆիա, Փլովտիվ, Վառնա, Պուրկազ, Ռուսէ, Շումէն, Փազարճիք, Սիլիստրա, Տոպրիչ, Խասքովօ եւ այլն, հաւաքուած մօտ 60 ներկայացուցիչներ մասնակցեցան ձեռնարկին:
Ժողովին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լեւոն Մկրտիչեանը, 41րդ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ պրոֆ. Ս. Ստանիլով՝ Պուլկարիոյ ԱԺի կից գործող Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ատենապետ, Քոստատին Եազով՝ նոյն խումբի փոխատենապետ, Ցուեթա Կեորկիեւա, պրն. Պորիսլաւ Ստոյանով, Բլովտիվի քաղաքային համայնքի անդամ Սլավի Կեորկիեւ, պատմաբան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքերու հեղինակ Տելջօ Պալապանով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կոմիտէի ատենապետ, Մակեդոնական միութեան ներկայացուցիչներ, տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններու անդամներ եւայլն: Ներկայ էին նաեւ Պուլկարիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանատան խորհրդատուներ Հասմիկ Դաշտոյեան ու Իկոր Մարտիրոսեան:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Լեւոն Մկրտիչեան նշեց աշխարհով մէկ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու դերը ու նշանակութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման համար: Ան յիշեցուց թէ Հայ Դատը դարձած է այն շարժումը, որ կրցած է համախմբել հայութեան ներուժը ու տասնամեակներու ընթացքին լուրջ նուաճումներ ունեցած է տարբեր երկրներու մէջ: Ողջունելով Հայ Դատի Յանձնախումբի ստեղծումը եւ մաղթելով յաջող աշխատանք Հ. Դաշտոյեան յատուկ ընդգծեց, թէ Մեծ Եղեռնի ճանաչման գործը Հայաստանի կառավարութեան քաղաքականութեան գլխաւոր խնդիրներէն մէկն է եւ հայկական իշխանութիւնը Հայ Դատի անդամներուն հետ միատեղ կ՛աշխատակցի, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային կառոյցներէն ներս ճանաչում ստանայ:
Խօսք առին նաեւ պուլկարացի հիւրերը, ըսելով թէ իրենց հայ բարեկամներուն հետ միասին պիտի շարունակեն պայքարիլ, որպէսզի Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը շարունակ բարձրացուի պուլկարական խորհրդարանի մօտ մինչեւ որ այս բարոյական խնդիրը հասնի արդար լուծումի: Փլովտիվի Մակեդոնական միութեան անդամները բերած էին նուէր նորակառոյց կազմաւորումին. Հանրի Վերնոյ «Մայրիկ» ֆիլմէն ոգեշնչուած քանդակագործ Ցվեթքօ Սիրոմաշքիի աշխատանքը, զոր պաշտօնապէս յանձնեցին:
Ժողովին ներկայ էին պրոֆ. Կարապետ Մինասեան, պրոֆ. Յակոբ Կարապետեան, Յովհաննէս Մելիք-Բաշաեւ, Անդրանիկ Արապաճեան (Ասթոր), Հայկաշոտ Աղասեան, Էտի Կիւլեան, Հերմինէ Ազարեան եւ ուրիշներ:
Ժողովը ընդունեց Պուլկարիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի կանոնագիրը եւ ընտրեց 5 անդամներէ բաղկացած վարչութիւն: Վարչութեան անդամներն են Սահակ Չալըքեան, Վարդանոյշ Թոփաքպաշեան, Յակոբ Կարապետեան, Հայկաշոտ Աղասեան եւ Գրիգոր Փանոսեան: