ՓԱՐԻԶ, «Նոյեան Տապան».- Կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, նախաձեռնութեամբ «Եունեսքօ»ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան, ինչպէս նաեւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հաստատութեան Հայկական ծառայութիւններու բաժնին, ՀԲԸՄ Եւրոպական գրասենեակին եւ Քեպեքի Արուեստի ու գրականութեան խորհուրդին հովանաւորութեամբ, Յունուար 28ին «Եունեսքօ»ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանն ու «Եունեսքօ»ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Ֆրանսուա Ռիվիեր, «Եունեսքօ»ի տան մէջ կատարած են քանատահայ քանդակագործ Արտօ Չաքմաքչեանի ստեղծագործութիւններուն ցուցահանդէսը։
Ա. Չաքմաքչեան կը համարուի ժամանակակից հայ կերպարուեստի կարկառուն դէմքերէն միջազգային համբաւ ունեցող արուեստագէտ եւ Քանատայի Գեղարուեստի թագաւորական ակադեմիոյ անդամ:
Ան մաս կը կազմէ 20րդ դարու 60-70ական թուականներու գրողներու, երաժիշտներու, նկարիչներու այն փառահեղ սերունդին, որ նոր խօսք բերաւ արուեստի պատմութեան մէջ եւ նպաստեց հայ ժողովուրդի հոգեւոր վերելքին ու ինքնագիտակցութեան զարթօնքին: