Անցնող տարին հայ ժողովուրդին համար եղաւ ճակատագրական տարի մը: Հայաստանը լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց երկրի արտաքին քաղաքականութեան եւ ներքին ծանր տնտեսութեան պատճառով:
Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն պատճառով սփիւռքահայ երիտասարդը ապրեցաւ փոթորկոտ եւ զգացական տարեվերջ մը, ուր ընդհանրապէս, բացթողումները շատ աւելի զգալի էին ու ցաւալի՝ քան ձեռքբերումները:
Յիշելով անցեալ տարին ու տասնամեակը՝ մենք կ՛ուզենք մեր հայեացքները դէպի առջեւ յառել ու յաջորդ տարուան համար մաղթել առաջընթաց: Առաջընթաց՝ թէ՛ հայրենիքի ու հայրենի ժողովուրդի համար, ու թէ՛ Սփիւռքի մէջ բնակող, սակայն հայրենի կեանքով սիրտը բաբախող հայութեան համար:
Գիտենք դեռ առկայ են Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն հարցը: Մինչ կը սպասէինք Սահամանդրական դատարանը քննէ արձանագրութիւնները, անդին տնտեսութիւնը տակաւին լուրջ վերաքննութեան կարիք ունի:
Իբրեւ հայ ժողովուրդի ընդհանրապէս ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մասնաւոր մասնիկը, մենք անմասն պիտի չմնանք հայրենիքի եւ սփիւռքահայութեան համար մեր կատարելիք պարտականութիւններէն:
Անշուշտ, այս ճամբան քալելու համար մենք պիտի առաջնորդուինք մեր պատմութեան մէջ դաշնակցական հերոսներու օրինակներով: Քիչ չեն եղած անոնք, որոնք այսօր կրնան մեզ օրինակ ծառայել… Զարկերակի այս էջերով մենք ներկայացուցած ենք դաշնակցական դէպքեր ու դէմքեր: Ու դեռ վերջերս, մեր այս էջէն ներկայացուցինք Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան հիմնադիր Գարեգին Նժդեհի կեանքն ու գործունէութիւնը: Ու այսօր դուք կը կարդաք Դրաստամատ Կանայեանի (Դրոյի) կենսագրութիւնն ու կատարած հերուսութիւնները:
Շատ են նուաճումները մեր պատմութեան օրինակելի ղեկավարներուն ու գործիչներուն, որոնց օրինակով ու ճամբով քալելը մեզի համար ոչ միայն հպարտանք է, այլ՝ պարտականութիւն:
Պարտականութիւն, որովհետեւ անոնք գծեցին ու քալեցին այն ճամբան՝ բարձր պահելով ազգային շահերու վսեմ պարտականութիւնը, որպէսզի մենք այսօր պահպանենք ու սորվեցնենք հայ պատմութիւնն ու մշակոյթը ու ազգային արժէքները:
Այսօր, մեր Երիտասարդական ու Պատանեկան շարքերը, մեր ղեկավարներուն առաջնորդութեամբ ու կարգապահութեամբ, պիտի կերտեն յուսալից տարի մը եւ ինչու չէ՝ ամբողջ նոր տասնեակ մը, աւելի հզօր ու աւելի վճռակամ:
Մենք պիտի ըլլանք այդ սերունդը, որով Դրօները, Նժդեհները, Աղբիւրներն ու Մանուկեանները պիտի հպարտանան ու պիտի համոզուին, թէ կայ տակաւին իրենց ճամբան քալող մեծ բանակ մը, որ պիտի շարունակէ ու լրացնէ իրենց սկսած ուղին:
ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ