ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Մուրաթ Մերճան յայտարարած է, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները ներկայիս յանձնախումբի օրակարգին բերելը օգտակար չի կրնար ըլլալ։
Օրաթերթը կը նշէ, որ Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը կը կապէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման յառաջընթացին հետ։
Մերճան շեշտած է նաեւ, որ Թուրքիա սաստիկ զգայուն է ատրպէյճանցի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին նկատմամբ, եւ միայն հայ-ատրպեճանական խնդիրը հարթելու ջանքերը կրնան դիւրացնել արձանագրութիւններու վաւերացման ընթացակարգը Թուրքիոյ մէջ։ Ըստ անոր, արձանագրութիւնները օրակարգ բերելն ու զանոնք հաւանութեան չարժանացնելը պիտի ստեղծէ ներքին անել իրավիճակ։
«Նպատակս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է եւ հիմնախնդիրի լուծման համար ստոյգ քայլեր կատարել։ Եթէ ատիկա չըլլայ, ապա, իմ համոզումով, արձանագրութիւնները օրակարգ բերելը շատ օգտակար չի կրնար ըլլալ։ Ատոր համար ալ կը նախընտրեմ Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները օրակարգի հարց դարձնելը առայժմս մէկդի դնել», ըսած է Մերճան։
Անդրադառնալով Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին կողմէ նշեալ փաստաթուղթերը հակասահմանադրական չնկատելու որոշումին՝ Մերճան նշած է, որ երկու երկիրներուն մէջ վաւերացման գործընթացը արդէն իսկ հասած է նոյն կէտին։ Ան նաեւ շեշտած է, որ եթէ արձանագրութիւնները Հայաստանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի հաւանութեան արժանանան, ապա այդ պարագային, Երեւան վաւերացման գործընթացին մէջ Անգարայէն քայլ մը առաջ կ՛անցնի։
Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, ըստ կանոնագիրի, պէտք է 45 օրուան ընթացքին քննարկէր եւ կարծիք յայտնէր արձանագրութիւններուն մասին։ Սակայն յիշեալ յանձնախումբին, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները յանձնուած են արդէն նախորդ տարուան Հոկտեմբերին եւ 45 օրուան ժամկէտը շատոնց սպառած է։
“Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները յանձնուած են արդէն նախորդ տարուան Հոկտեմբերին եւ 45 օրուան ժամկէտը շատոնց սպառած է”
ayo chadonts
Zi
anonk hay’e ge negaden “tch mart”
intch bess vor tsouyts devine ichkhanavorner’e
aysinkn humanoide me
ima!
martagerb kerassd m’e