Իսրայէլեան «Ճերուզալէմ Փոսթ» թերթը կը գրէ, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած լարուածութիւնը պաղ հոսանքներ յառաջացուցած է նաեւ Ուաշինկթընի մէջ։ Օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ Միացեալ Նահանգներու որոշ հրէական խմբակներ պատմականօրէն միշտ սերտ կերպով համագործակցած են Թուրքիոյ հետ։
Իբրեւ համագործակցութեան ապացոյց, հրէական օրաթերթը կ՛առանձնացնէ Հայկական Հարցը, ընդգծելով, որ որոշ հրէական խմբակներ Քոնկրեսի անդամներ դրդած են չընդունելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերը։ Սակայն այժմ իրավիճակը քիչ մը տարբեր է։
«Իսրայէլի նկատմամբ Թուրքիոյ թշնամանքը, բնականաբար, իր հետեւանքները պիտի ունենայ։ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ ոչ կառավարական շրջանակներու մէջ Իսրայէլի բարեկամները ատիկա հաշուի պիտի առնեն», օրաթերթին ըսած է Ուաշինկթընի հրէական համայնքի առաջնորդներէն մէկը, որ նախընտրած էր իր ինքնութիւնը չհրապարակել։
Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, ան կը հրաժարի մեկնաբանելէ թուրք-իսրայէլեան լարուած յարաբերութիւնները, մեկնելով կողմերու միջեւ յարաբերութիւններու զգայնութենէն։ Այլ հրեայ պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է, որ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը վատթարացուցած է երկու երկիրներուն միջեւ «պատմականօրէն սերտ յարաբերութիւնները», որոնց հիմքը դրուած է նախկին կառավարութիւններու օրօք։
Միւս կողմէ, Ընդդէմ վարկաբեկման դաշինք (ADL) հրէական կազմակերպութիւնը, որ սերտ կապեր ունի Թուրքիոյ հետ, ոգեւորուած է Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամիկ Թանի նշանակութեամբ։ Այս վերջինը նախապէս ծառայած է իբրեւ Իսրայէլի մօտ Թուրքիոյ դեսպան։
Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, կազմակերպութիւնը կը վստահեցնէ, որ չէ փոխած այդ հարցին շուրջ իր դիրքորոշումը։ «Մենք կը հաւատանք, որ եղած է ցեղասպանութիւն, սակայն ներկայիս այդ մասին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ բանաձեւ ընդունիլը նպատակայարմար չէ։ Այստեղ կը գործէ այն սկզբունքը, որ տուեալ հարցը յարմար է ուսումնասիրել պատմական յանձնախումբի տեսանկիւնէն», ըսած է Ընդդէմ վարկաբեկման դաշինքի ներկայացուցիչը։
Միւս կողմէ, Իսրայէլի «Հաարեց» թերթը խմբագրականով մը կոչ կ՛ընէ Իսրայէլի իշխանութիւններուն, որ պաշտօնազրկեն Թուրքիոյ հետ տագնապին պատճառ դարձած արտաքին գործոց նախարարն ու անոր տեղակալը, որոնք իրենց արարքով վարկաբեկած են երկիրը: Թերթը կ՛աւելցնէ, որ եթէ կառավարութիւնը կ՛ուզէ բարոյական քայլ մը առնել, ապա պէտք է պաշտօնապէս ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Հրեաները, ձեղասպանութիւն ապրող ազգ մը ըլլալով հանդերձ բոլոր մարդկային իրաւունքները անտեսելով իրենձ շահին համար կուրանան հայկական ձեղասպանութիւնը ընթունիլ եւ որպես ձեղասպանութիւն ապրած ազգ թիկունք կանքնել հայերուն:Ասիկայ ճիշտ ալ հրեա ազգի վայել վարուելակերպ մըն է:
‘ “Թերթը կ՛աւելցնէ, որ եթէ կառավարութիւնը կ՛ուզէ բարոյական քայլ մը առնել, ապա պէտք է պաշտօնապէս ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը”:’
Leave a Reply
assor ge essen choun-chanorti manyok