ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ, «Ազդակ».- Կազմակերպութեամբ Հայկական շրջուն թատերախումբին եւ գործակցութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, Կիրակի, Յունուար 3ի կէսօրէն ետք, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է «Չեմչեմիկի արկածները» երաժշտախառն թատերգութեան անդրանիկ ներկայացումը։
Հեքիաթային բնոյթ կրող թատրոնին մէջ Արամիկը ծուլութեան պատճառով կ՛ուզէ առանձնանալ, երբ կատուն, տօնածառը, ժամացոյցը, անկողինը, պահարանը եւ այլ իրեր ու տիպարներ կը սկսին խօսիլ։ Այդ մթնոլորտին մէջ Արամիկը (որ հետագային կը դառնայ Չեմչեմիկ) կը գիտնայ գիրքին կարեւորութիւնն ու արժէքը եւ կ՛ուզէ վերադառնալ իր բնականոն կեանքին՝ աշխատասիրութեամբ շարունակելու իր օրերը։
«Չեմչեմիկի արկածները» թատրոնի բեմադրիչն է Լանա Քոչարեան-Ատրունի, թատերգութեան հեղինակը՝ Վաչէ Ատրունի, իսկ երաժշտութիւնը պատրաստած է Վաչէ Գալենտէրեան։ Հայկական շրջուն թատերախումբի դերասաններն են Գէորգ Մանուկեան, Հրակ Փափազեան, Նազօ Գէորգեան, Նժդեհ Մկրտիչեան, Լիզա Կիւլիւմեան, Պեթի Սարգիսեան, Յովհաննէս Հելվաճեան, Մելօ Պապէեան եւ Հուրի Աշըգեան։
Երկու արարներով «Չեմչեմիկի արկածները» տօնական բարձր մթնոլորտով, բարձրորակ կատարումով ու պատգամներ փոխանցող ներկայացումով ստեղծած են հաճելի եւ ուրախ պահեր։
Այս առնչութեամբ բեմադրիչ Լանա Քոչարեան-Ատրունի «Ազդակ»ի թղթակիցին յայտնած է, որ շուրջ երեք ամսուան աշխատանքի արդիւնք է այս ներկայացումը, որուն դերասանները գիտակից մօտեցումով, լրջութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ կը կատարէին իրենց պարտականութիւնը։ Քոչարեան-Ատրունի ըսած է, թէ այս թատրոնը երեսփոխաններուն եւ պատանիներուն ուղղուած պատգամներով լի նուէր մըն է։