ԱՆԹԻԼԻԱՍ, «Ազդակ».- Կիրակի, Յունուարին 3ին, Անթիլիաս ժամանած է թուրք պատմաբան դոկտ. Թաներ Աքչամ։ Դոկտ. Աքչամ թուրք առաջին մտաւորականներէն է, որ իր հրատարակութիւններուն ու դասախօսութիւններուն ճամբով շեշտեց Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը։ Ան երկար տարիներէ ի վեր դասախօս է գերմանական ու ամերիկեան համալսարաններու մէջ։
Շուրջ չորս տարի առաջ, երբ Արամ Ա. կաթողիկոս Միացեալ Նահանգներու Սենթ Ճոնս համալսարանին մէջ հրաւիրուած էր դասախօսութիւն տալու, հոն դոկտ. Աքչամ հանդիպած էր վեհափառին եւ փափաք յայտնած այցելելու Անթիլիաս։
Թուրք պատմաբանը հինգ օր պիտի մնայ Անթիլիաս եւ դասախօսութիւններ պիտի տայ ու հանդիպումներ պիտի ունենայ մտաւորականներու եւ համալսարանականներու հետ։ Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցած է Անթիլիասի մայրավանքին մէջ՝ Երկուշաբթի, Յունուար 4ի երեկոյեան՝ «Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Թուրքիոյ համար իբրեւ ազգային անվտանգութեան խնդիր» նիւթով։