ՓԱՐԻԶ, «Նոյեան Տապան»–«Հայերն Այսօր».- 2009 Դեկտեմբեր 22ին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (ՖՀԿՀԽ) հանդէս եկած է ջաւախահայ քաղաքական գործիչ Վահագն Չախալեանի վերաբերեալ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Գրիգոլ Վաշաձէի խօսքերը դատապարտող յայտարարութեամբ՝ զանոնք որակելով որպէս «սուտ»:
«Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարի սուտն ու սինիզմը կը վկայեն Վահագն Չախալեանի հանդէպ վրացական իշխանութիւններուն անարդարութեան մասին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը վճռականօրէն կը դատապարտէ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի առջեւ սոյն թուականի Նոյեմբեր 25ին Վրաստանի ԱԳՆ Գրիգոլ Վաշաձէի անամօթ սուտը:
«Պատասխանելով Վահագն Չախալեանի գործի եւ դատավարութեան վերաբերեալ պատգամաւոր Ֆրանսուա Ռոշպլանի հարցին՝ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը ստեց ջաւախքահայ քաղաքական գործիչի դատապարտման պատճառներուն եւ դատավարութեան արդարացիութեան աստիճանին վերաբերեալ:
«Յայտարարելով, որ Վրաստանի տուեալ հայազգի քաղաքացին կը մեղադրուի երրորդ երկրի հետ համագործակցելու մէջ՝ Գրիգոլ Վաշաձէ անգիտակցաբար եւ ակամայ հրապարակայնօրէն ապացոյց տուաւ այն մասին, որ Վահագն Չախալեանը կը հանդիսանայ ոստիկանական դաւադրութեան եւ անարդար դատավարութեան զոհ:
«ՖՀԿՀԽը կը յիշեցնէ, որ Վահագն Չախալեան 2009 Ապրիլ 7ին Ախալցխայի շրջանային դատարանի կողմէ դատապարտուած է 10 տարուան ազատազրկման «զէնք-զինամթերքի անօրինական պահպանման», ինչպէս նաեւ՝ «հանրային կարգը խախտող զանգուածային միջոցառումներին մասնակցութեան» եւ «խուլիգանութեան» համար: 2009 Հոկտեմբեր 30ին Թիֆլիսի վերաքննիչ դատարանը տուեալ դատավճիռը անփոփոխ ձգած է:
Ինչ կը վերաբերի նախարարի այն պնդումին, որ Չախալեան ունի երկու-երեք տարբեր ծագման փաստաբան, եւ վրացական օրէնսդրութիւնը թոյլ չի տար օտարերկրեայ փաստաբաններուն պաշտպանել մեղադրեալի շահերը Վրաստանի դատարաններուն մէջ, անով Գրիգոլ Վաշաձէ կրկին ցոյց տուած է իր ունկնդիրներուն թիւրիմացութեան մէջ դնելու մտադրութիւն:
ՖՀԿՀԽը կը յիշեցնէ, որ նախարարը միտումնաւոր կը լռէ այն մասին, որ օտարերկրեայ փաստաբաններուն Վրաստանի մէջ դատապաշտպանութիւնը թոյլատրող դրոյթը օրէնքէն հանուած է 2009 Յունիս 24ին, իսկ ֆրանսացի փաստաբանի գրանցման դիմումը տրուած էր 2008 Նոյեմբերին: Վրաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը մշակած է, իսկ վրացական խորհրդարանը հապճեպօրէն ընդունած է օտարերկրեայ փաստաբաններուն Վրաստանի մէջ դատապաշտպանութիւն իրականացումը արգիլող օրէնսդրական փոփոխութիւնները՝ դրանով խախտելով Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւրոպական խորհրդաժողովի 6րդ յօդուածի 3րդ կէտը, ինչպէս նաեւ Վրաստանի սահմանադրութեան 42րդ յօդուածը: Այդ խախտումը հաստատուած եւ դատապարտուած է Վրաստանի հանրային պաշտպանին կողմէ: Այդ կապակցութեամբ Չախալեանի փաստաբանները Վրաստանի Սահմանադրական դատարան ներկայացուցած են բողոք մը, որ ներկայիս կը գտնուի քննութեան փուլի մէջ:
«Եթէ ՖՀԿՀԽը նախապէս կասկածի տակ կը դնէր Վահագն Չախալեանի գործին մէջ վրացական իշխանութիւններուն դրդապատճառները՝ հաշուի առնելով ջաւախահայ քաղաքական գործիչին արդար դատավարութեան իրաւունքի վրացական իշխանութիւններուն կողմէ բացայայտ ու նպատակաուղղուած խախտման դէպքերը եւ միջազգային պարտաւորութիւններու ոտնահարման փաստերը, բայց հիմա անոր բոլոր կասկածները փարատած են: Ի յաւելումն արդար դատավարութեան իրաւունքի աղաղակող խախտումներուն՝ վրացի նախարարի սինիզմն ու սուտը եկան ապացուցելու Վահագն Չախալեանի անմեղութիւնը իրեն մեղսագրուող արարքներուն մէջ, որոնք հիմք հանդիսացան անոր դատապարտման համար:
«Համապատասխանաբար, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը կը պահանջէ՝ վրացական իշխանութիւններէն՝ անյապաղ ազատ արձակել Վահագն Չախալեանը՝ վերականգնելով անոր բոլոր իրաւունքները, Եւրախորհուրդի մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնակատարէն՝ ստանձնել տուեալ գործը, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն՝ ուղարկել առաքելութիւն Վրաստան՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւրոպական վեհաժողովի գործնական կիրառումը ուսումնասիրելու նպատակով, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահին՝ բողոքի թուղթ յղած իր վրացի գործընկերոջը՝ նախարար Գրիգոլ Վաշաձէի կողմէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան օրէնսդրական մարմնի նկատմամբ ցուցաբերած բացայայտ անյարգալից վերաբերմունքին հարցով», ըսուած է «Երկիր» միութեան կողմէ հայերէնի թարգմանուած յայտարարութեան մէջ: