ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ.ամ».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23ին, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան վնասակար համարեց Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի այն յայտարարութիւնը, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի գերիշխանութեան շրջանակներու մէջ, իսկ հայ-թրքական յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուին, նկատի ունենալով նաեւ Պաքուի շահերը:
Մանոյեան յայտնեց, թէ նման յայտարարութիւններ կը փաստեն, թէ Վրաստան շահագրգռուած չէ Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումով, որովհետեւ այդ պարագային պիտի նուազի տարածաշրջանին մէջ Թիֆլիսի ունեցած կարեւորութիւնը:
«Եթէ Սահակաշվիլին իսկապէս նման բան է յայտարարել, նշանակում է, որ նա ամէն կերպ փորձում է խոչընդոտել հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորմանը: Բայց նման յայտարարութիւնները խանգարում են նաեւ տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման», աւելցուցած է Մանոյեան:
Սահակաշվիլիի «էխօ Մոսքվի»ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսած էր, թէ Արցախի տագնապը պէտք է լուծուի բանակցութեանց միջոցաւ, նկատի ունենալով «միջազգային օրէնքները, ներառեալ գաղթականներու վերադարձը եւ պետութեանց գերիշխանութեան իրաւունքը»: Ըստ անոր, որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է տագնապը լուծելու աշխատանքներուն մէջ, սակայն այս բարդ տագնապին բանալին կը գտնուի Մոսկուայի մօտ: