ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հասարակական երկարամեայ գործիչ Մանաս Պուճիքեան, որ տասնամեակներ շարունակ նեցուկ կանգած է Հայ Դատի աշխատանքներուն, արդէն իսկ ամբողջացուցած է Հայ Դատի Հիմնադրամին 400,000 տոլար նուիրելու իր խոստումը, իր սահմանած ժամանակամիջոցէն իսկ առաջ: Նուիրեալ այս գործիչին այս արարքը կու գայ իրագործում մը եւս աւելցնելու հայուն ձայնը աշխարհի չորս կողմը լսելի դարձնելու անոր ջանքերուն վրայ:
«Մանաս Պուճիքեանը այն արդի հայն է, որ իր ղեկավարի կեցուածքով, խանդավառութեամբ ու նիւթական աջակցութեամբ դարձած է Հայ Դատի անձնուէր զինուոր մը: Ան իր տեսլականով կենսական ու յաճախ որոշիչ ներդրում ունեցած է վերջին երկու սերունդներու կեանքի ընթացքին մեր դատին իրագործումներուն մէջ: Խորապէս երախտապարտ ենք, որ նման հպարտ ու նուիրեալ հայորդի մը կանգնած է մեր կողքին», կր յայտնէ Հայ Դատի Հիմնադրամին ատենապետ Քէն Խաչիկեան:
Պուճիքեան այս տարուան Հայ Դատի թելլեթոնէն առաջ յօդուած մը գրած էր 400,000 տոլար նուիրելու իր որոշումին դրդապատճառներուն մասին, որ լոյս տեսաւ «Ասպարէզ»ի եւ «Արմինըն Ուիքլի»ի մէջ, ուր ան կը պնդէր, թէ իր կատարածը նուիրատուութիւն չէ, այլ ներդրում մը Հայ Դատի Հիմնադրամին մէջ՝ ի խնդիր հայութեան փայլուն ապագայ մը ապահովելու անոր ծաւալուն գործին մէջ: