ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Ըստ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն, Հայաստանի տնտեսութեան անկումը Հոկտեմբեր–Նոյեմբեր ամիսներուն եղած է 16 առ հարիւր։ Այս տարուան առաջին կիսամեակին՝ տնտեսութեան անկումը, ըստ պաշտօնական տուեալներու, հասած էր 18.5 առ հարիւրի։ Եթէ բաղդատենք առաջին կիսամեակի տուեալները վերջին եռամսեակի տուեալներուն հետ, պիտի մտածենք, որ Հայաստանի տնտեսութեան արագընթաց անկումը սկսած է դանդաղիլ։
Ըստ տնտեսագէտներուն, յառաջիկայ երկու տարիներուն տնտեսութիւնը դարձեալ պիտի սկսի աճ արձանագրել։ Այս կարծիքին են նաեւ Համաշխարհային դրամատան մասնագէտները, որոնց հաշուարկներուն համաձայն, Հայաստանի տնտեսութիւնը 2010 եւ 2011 տարիներուն յաջորդաբար 1.5 եւ 3 առ հարիւր տնտեսական աճ պիտի արձանագրէ։ Սա կը նշանակէ, որ միջազգային ֆինանսական տագնապին պատճառով սկսած տնտեսական անկումը շուտով վերջ պիտի գտնէ եւ Հայաստան դանդաղ քայլերով տնտեսական վերելքի ժամանակաշրջան մը պիտի մտնէ։
Համաշխարհային դրամատան մասնագէտները վերջերս նաեւ սկսած են յիշեցնել, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը շատ աւելի արագ պիտի վերականգնի եւ շատ աւելի մեծ քայլերով առաջընթաց պիտի արձանագրէ, եթէ իշխանութիւնները քաղաքական կամք դրսեւորեն եւ կարողանան լուրջ բարեփոխումներ իրականացնել։
Համաշխարհային դրամատան եւ Միջազգային Արժութային ֆոնտին գործունէութեան հանդէպ շատեր կրնան վերապահութիւն ունենալ։ Շատերու նման ես ալ կը հաւատամ, որ ի վերջոյ, վարկ ու պարտք տրամադրող հաստատութիւնները նաեւ քաղաքական ու ֆինանսական նախապայմաններ կը պարտադրեն, որոնք երբեմն այդքան ալ հաշտ չեն ըլլար տուեալ երկրի ազգային շահերուն։ Հակառակ այս իրողութեան, չեմ կրնար չհամաձայնիլ Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն՝ Արիսթոմէնէ Վարուտաքիսի կարգ մը միտքերուն հետ, որոնք այդքան ալ անդրադարձ չգտան Հայաստանի պաշտօնական եւ կիսապաշտօնական մամուլին մէջ։ Արդարեւ, Վարուտաքիս վերջերս բազմիցս յայտարարած է, որ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումը ամուր հիմերու վրայ պիտի դրուի միայն երբ.
– Վերջ դրուի կաշառակերութեան եւ փտածութեան, մանաւանդ հարկային եւ մաքսային ծառայութիւններուն մէջ։
– Վերացուի «Օլիկոփոլիան», այսինքն՝ վերջ դրուի սակաւապետութեան,
– Իշխանութիւնները բարեփոխման նոր քայլերով բարելաւեն ներդրումներու մթնոլորտը։ Քայլեր, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ նուազեցնել ենթակուռուցուածքային ծախսերը եւ բարեկարգել ներդրումներու վերաբերող բոլոր օրէնքները։
Ի միջի այլոց ըսեմ, որ Վարուտաքիսի կարծիքները նորութիւն չեն եւ ան մեծ յայտնաբերում մը չէ, որ կը կատարէ։ Հայաստանի վարչապետը եւ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւս նոյնօրինակ կարծիքներ յայտնած են։ Այս մասին գիտեն նաեւ տնտեսագիտութիւն ուսանող Հայաստանի պետական համալսարանի առաջին «կուրս»ի աշակերտները։ Տնտեսութեան աճը խոչընդոտող հանգամանքներուն մասին շատ աւելի գիտական ախտաճանաչում կատարած են վերոյիշեալները։
Դժբախտաբար, սակայն, անոնց կատարած ախտաճանաչումը ճիշդ ըլլալով հանդերձ, առաջարկած դեղատոմսերը՝ եղած են ու կը մնան թերի։ Իսկ թերի դեղատոմսերուն պատճառը հասկնալու համար, խօսքը դարձեալ տամ Վարուտաքիսին.
«Սա կը պահանջէ քաղաքական կամք, որպէսզի բացայայտուին այն կապերը, որ գոյութիւն ունին օլիկոփոլիաներուն եւ որոշ պաշտօնեաներուն միջեւ, որպէսզի բացառուին այժմս գոյութիւն ունեցող շահերու բախման իրավիճակները»։
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com
եթէ հայասդանի կառավարութեան կազմին կէսը սփիւռքահայեր ըլլան այդ ժամանակ միայն այս հարցերը լուծում կը գտնեն