ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի առեւտրաարդիւնաբերական պալատը հրաւիրուած է Պոլսոյ մէջ եկող Փետրուարին կայանալիք ոսկիի միջազգային ցուցահանդէսին: Ըստ պալատի նախագահ Մարտին Սարգսեանի, հրաւէրը ստացած է Պոլսոյ ցուցահանդէսային ամենամեծ կազմակերպութենէն, որ ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ տարբեր երկիրներու մէջ:
Մ. Սարգսեանը տեղեկացուցած է, որ այժմ կը յստականան նշեալ ցուցահանդէսին մասնակցող ընկերութիւնները: