ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին, զոր տուաւ Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, Ապրիլեան Նահատակաց մատրան առջեւ։
Ապրիլ 24ը սոսկ մեր նահատակները յիշելու օր չէ, այլ՝ ազգային ինքնաքննութեան ու ինքնաճանաչման օր է ու միաժամանակ՝ մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքները աշխարհին յիշեցնելու եւ մեր նահատակներու կտակին հաւատարմութեամբ մեր պահանջատիրական պայքարին նոր մղում տալու կոչ է:
Մեր պահանջատիրական պայքարը կը գտնուի մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ճակատագրական խաչմերուկին: Կը դիմագրաւենք նոր տագնապներ ու մարտահրաւէրներ: Աշխարհաքաղաքական պայմանները փոխուած են: Արդ, Հայ Դատի հետապնդման ռազմավարական թէ մարտավարական մօտեցումները կը կարօտին վերանայման ու վերածրագրման:
Սա պահուն մեր սրբացեալ նահատակներու աճիւններուն առջեւ կանգնած, կ՛ուզեմ յատուկ կարեւորութեամբ հետեւեալ հինգ յիշեցումները ու ընդգծումները կատարել.
1) Ողջ հայութիւնն է պահանջատէրը իր բռնաբարուած իրաւունքներուն: Իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ալ գտնուի, ինչ պայմաններու մէջ ալ ապրի եւ ինչ հանգամանքի տէր ալ ըլլայ, պահանջատէ՛ր է: Այս ոգիով հայը աշխարհ կու գայ ու այս գիտակցութեամբ կը կազմաւորուի: Ցեղասպանութիւնը անբաժան մասը կը կազմէ հայու էութեան ու ինքնութեան եւ հետեւաբար, հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդումը՝ անանջատելի մասն է հայու գոյութեան: Արդ, ես չեմ կրնար երեւակայել, որ այս երկրագունդին վրայ գտնուի իր երակներուն մէջ հայու արիւն կրող հայ մը, որ գիտակից չէ, թէ ինք Ցեղասպանութեան զոհ եւ իրաւատէր ժողովուրդի մը զաւակն է:
Այս խոր գիտակցութեամբ իւրաքանչիւր հայ զանազան կերպերով մասնակից պէտք է դառնայ իր ժողովուրդի անտեսուած իրաւունքներու վերատիրացման պայքարին:
2) Հայաստանն է իրաւատէրը Հայ Դատին: Այսպէ՛ս ըսինք, երբ Հայաստանը կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը: Այսպէ՛ս ըսինք նաեւ, երբ Հայաստանը վերականգնեց իր անկախութիւնը: Այսպէ՛ս ըսաւ Հայաստանը՝ վերանկախութեան հռչակագրին եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի համազգային հռչակագրին ճամբով, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումը անբաժան մասը նկատելով Հայաստանի պետութեան արտաքին քաղաքականութեան:
Արդ, անջատել Դայ Դատը Հայաստանէն, կը նշանակէ կտրել Հայ Դատը իր արմատներէն: Հայաստանէն հնչող նման մօտեցումներ, խորապէս մտահոգիչ են: Պատմութիւն, քաղաքականութիւն ու դիւանագիտութիւն իրարու հետ շփոթելով եւ զիրար հակադրելով, ինչպէս նաեւ պատմական Հայաստանի ու ներկայ Հայաստանի, Արագածի ու Արարատի եւ մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ արմատացած եւ դարերու ընթացքին նուիրագործուած արժէքներուն ու իտէալներուն առնչութեամբ հակադրութիւններ ու հակասութիւններ ստեղծելով փաստօրէն ջուր կը մատակարարենք ոչ-բարեկամ երկիրներու ջաղացքներուն: Եւ աւելի՛ն, զիջողական քաղաքականութեան նաեւ չափազանցուած զգուշաւորութիւն միախառնելով, պարզապէս մեր իրաւունքները կը կորսնցնենք ու անկախութիւնը կը նսեմացնենք:
Հինգերորդ դարուն հայրենիքին ու հայութեան փրկութեան ի խնդիր, Վարդան Մամիկոնեանի ու Ղեւոնդ Երէցի առաջնորդութեամբ, մեր ժողովուրդը միահամուռ կերպով ըսաւ՝ անկախօրէն ապրելու կամքէն մեզ ո՛չ ոք կրնայ խախտել: Նո՛յնը պէտք է ըսէ այսօր հայրենի մեր ժողովուրդը.- մեր իրաւունքներէն մեզ ո՛չ ոք կրայ շեղել:
3) Հայաստան-Սփիւռք սերտ գործակցութիւնը ամուր հիմքը կը կազմէ մեր պահանջատիրական պայքարին: Դժբախտաբար, չկրցանք ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող եւ յատկապէս Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու գծով համահայկական մտածողութիւն ու ռազմավարութիւն զարգացնել այնպիսի կերպով, որ հայ ժողովուրդի երկու բեւեռներուն՝ Հայաստանին ու Սփիւռքին մօտեցումները ներդաշնակուին: Արդարեւ, Մեր հայեցողութեամբ՝
– Կարելի է ու հրամայական՝ ազգային եւ պետական շահերը ներդաշնակել, ո՛չ թէ անջատել ու հակադրել:
– Կարելի է ու հրամայական՝ Հայաստանի պետութեան ու Սփիւռքի դերակատարութեանց միջեւ համադրում ստեղծել, ո՛չ թէ Հայաստանը եւ Սփիւռքը իրարմէ հեռացնել:
– Կարելի է ու հրամայական՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ դերերու յստակեցում եւ աշխատանքի բաժանում կատարել՝ մեր ազգին ներուժին ճիշդ օգտագործումով:
Զգո՜ւյշ. յիշեալ կարելիութիւններէն ու հրամայականներէն խուսափումը, Հայաստանը կրնայ առաջնորդել դէպի վտանգալից հորիզոններ եւ ազգը՝ դէպի ներքին բեւեռացումներ, որոնց նախանշանները սկսած են տեսանելի դառնալ:
4) Քաղաքական ու իրաւական տարածքները հարկ է դարձնել կիզակէտը մեր պահանջատիրութեան: Անցնող տասնամեակներուն ակադեմական ու քարոզչական մարզերէն ներս հսկայ աշխատանք կատարուեցաւ: Յիշեալ աշխատանքին առընթեր, անհրաժեշտ է, որ քաղաքական ու իրաւական տարածքները դառնան կիզակէտը մեր պահանջատիրութեան, ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթի լոյսին տակ:
Ճի՛շդ է, քաղաքական ու իրաւական դաշտերը իրարմէ տեսականօրէն անջատ են. սակայն, ներկայ աշխարհին մէջ անոնք իրարու հետ սերտօրէն առնչուած են մէկը միւսը պայմանաւորելով՝ յարաբերաբար ազգային թէ շրջանային շահերուն, ուր դժբախտաբար բացակայ է իրաւունքն ու արդարութիւնը: Արդ, մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ իրատեսական: Հարկ է ըլլալ արթուն եւ մեր աշխատանքը դասաւորել համապատասխան աշխարհի յարափոփոխ պայմաններուն:
5) Հայ ժողովուրդի հզօրութեան վահանը իր համախմբումն է: Ազգերու դարաւոր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ քաղաքականութիւնը մնայուն ու իրաւ բարեկամ չունի. իր իրաւ ու մնայուն բարեկամը շահն է միայն: Այսօր մենք փաստօրէն բարեկամ չունինք: Մեր ժողովուրդին միակ ու ճշմարիտ բարեկամը ինքն է, իր զաւակներուն համախմբումն է, Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնն է:
Կ՛անդրադառնա՞նք արդեօք, որ մենք սկսած ենք իրարմէ հեռանալ, ներ-հայաստանեան, ներ-սփիւռքեան, ներ-կուսակցական, ներ-համայնքային ճեղքերու բազմացումը սկսած է տկարացնել մեր հաւաքական հաւատքը ու ջլատել մեր վճռակամութիւնը: Մենք սխալ ու վտանգալից ուղղութեան մէջ ենք, դէպի անդունդ կ՛ընդանանք: Հետեւաբար, արթննանք այլեւս, համախմբուինք ու համախմբենք մեր ազգին ներուժը ի խնդիր Հայաստանի հզօրացման եւ մեր իրաւունքներու հետապնդման: Ուրիշ ճամբայ չունինք:
Ա՛յս է պատգամը մեր սրբացեալ նահատակներուն:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
24 Ապրիլ 2025
Անթիլիաս, Լիբանան