ՊԱՔՈՒ.- Ըստ «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, Ռուսիոյ խոր-հրդարանի փոխնախագահ Սվեթլանա Օրլովա Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին Պաքուի մէջ լրագրողներու յայտնած է, թէ Ռուսիա ամէն կարելի ջանք կը գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը արագօրէն կարգաւորելու համար։
Ըստ անոր, մօտիկ ապագային այս հարցին մէջ կարելի է «լաւ արդիւնքներ ակնկալել»:
«Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ անձամբ առաւելագոյն ջանքը կը թափէ հակամարտութեան լուծման համար», յայտարարած է Օրլովան։
Սվեթլանա Օրլովա կը գլխաւորէ Ատրպէյճան ժամանած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, որ կը մասնակցի միջխորհրդարանական երկկողմանի յանձնախումբի նիստին։ Ըստ «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութեան, նիստի ընթացքին պիտի քննարկուին առեւտրատնտեսական, գիտաարհեստագիտական, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ մարդասիրական մարզերու մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան առնչուող հարցեր։