ԱՐԼԻՆԿԹԸՆ, Վըրճինիա.- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին, քաղաքական լրագրութեան «Փոլիթիքօ» կազմակերպութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան նախկին խօսնակ Տենիս Հեսթըրթ, որ ներկայիս կը ծառայէ իբրեւ Թուրքիոյ կառավարութեան գործակալ, ամերիկեան պետութենէն ստացած իր գումարները չարաշահելով իրականացուցած է Թուրքիոյ ի նպաստ լոպպիական գործունէութիւն։ Հեսթըրթ աշխատած է յատկապէս ընդդէմ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի որդեգրման:
«Փոլիթիքօ» կազմակերպութիւնը կ՛ընդգծէ, որ 2007ին Ներկայացուցիչներու տունէն հեռացած Հեսթըրթ, որ ամէն ամիս ամերիկացի հարկատուներէն շուրջ քառասուն հազար տոլար կը ստանայ իր գրասնեակի վարձքը, անհրաժեշտ այլ ծախսերու եւ երեք հոգինոց անձնակազմին վճարելու համար, Թուրքիոյ եւ օտար այլ կառավարութեանց, ինչպէս նաեւ ընկերութեանց ի նպաստ լոպպիական աշխատանք կը տանի իր գրասենեակէն, հակառակ այն իրողութեան, որ նման աշխատանքներ արգիլուած են:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ 2005ին մեղադրանքներ հնչած էին, թէ թուրք պաշտօնատարները Հեսթըրթին տասնեակ հազարաւոր տոլարներ վճարած են որոշ ծառայութիւններու եւ տեղեկութեան դիմաց։ Ան 2000ին Ներկայացուցիչներու տան օրակարգէն վերջին վայրկեանին վերցուցած էր Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը, պնդելով, որ նման քայլ մը վնաս պիտի հասցնէ ազգային շահերուն:
Ըստ դաշնակցային օրէնքներու, Ներկայացուցիչներու տան նախկին խօսնակները իրենց պաշտօնէն հրաժարելէ ետք հինգ տարի արժանի են պետութենէն յատկացում ստանալու, պայմանաւ, որ այդ գումարները լոպպիական աշխատանքներու համար չծախսուին: