ԵՐԵՒԱՆ.– Դեկտեմբեր 10ին Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ պիտի բացուի ցուցահանդէս՝ նուիրուած Դանիէլ Վարուժանի ծննդեան 125 ամեակին: Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին գրողի կեանքն ու գործունէութիւնը, պիտի ցուցադրուին անոր ստեղծագործութիւնները՝ հրատարակած ժողովածուներուն եւ թանգարանին մէջ պահուող ձեռագիրներուն հիման վրայ, նաեւ անոր անձնական իրերը, լուսանկարները, որոնց մեծ մասը պիտի ցուցադրուին առաջին անգամ: