ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ըստ ատրպէյճանական «Ազատլըք» թերթին, Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին հետ կապուած բանակցութիւններուն «գործընթացը ձգձգելու», «ստեղծուած իրավիճակը անթոյլատրելի ըլլալու», «բանակցութիւնները դադրեցնելու» եւ «ԼՂ խնդիրը ռազմական ճանապարհով լուծելու հնարաւորութեան» մասին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի «սպառնալից» յայտարարութիւններուն հետ կապուած՝ ատրպէյճանցի քաղաքական հակասութիւններու մեկնաբան Էլխան Մեհտիեւ լրագրողներուն յայտնած է, որ «այդ բոլորը հաշուարկուած են ներքին լսարանին համար»:
«Ատրպէյճան չի կրնար վերջ դնել ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն: Իլհամ Ալիեւի ռազմատենչ յայտարարութիւնները ուղղուած են միմիայն ներքին լսարանին: Անիկա, վերջին 15-16 տարիներուն եղածին նման, ժողովուրդը խաբելու վրայ հաշուարկուած յայտարարութիւն է: Անոր չեն հաւատար ոչ ատրպէյճանցիները, ոչ հայերը եւ ոչ ալ միջազգային հանրութիւնը»,- ըսած է ատրպէյճանցի քաղաքական հակասութիւններու մեկնաբանը: