ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Ամերիկայի Ձայն»ը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ Պատմութեան կաճառի Հայկական բաժնի հետազօտողներէն փրոֆ. Քէմալ Չիչէք Թուրք-ամերիկեան միութիւններու կողմէ Ուաշինկթընի Թրքական տան մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին ըսած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները լաւ առիթ պիտի ըլլան, որպէսզի պատմաբաններու յանձնախումբը հիմնուի ու «ճշմարտութիւնները երեւան հանուին»։
Ան դիտել տուած է, որ արձանագրութեանց վաւերացումէն երկու ամիս ետք անպայման պէտք է հիմնուած ըլլայ յանձնախումբը։ «Եթէ յանձնախումբը աշխատիլ սկսի, հայերը պիտի տեսնեն թէ իրենց կարդացած փաստաթուղթերը ճիշդ չեն։ Վիեննայի մէջ 2005ին փոխանակուած փաստաթուղթերը ցոյց կու տային, թէ Ցեղասպանութիւն չկայ, այլ տեղահանութիւն կայ, իսկ հայերն ալ կը մտածէին, որ եթէ տեղահանութիւնը փաստէին, Ցեղասպանութիւնն ալ փաստուած կ՛ըլլար», յայտնած է ան։
Քէմալ Չիչէք աւեցուցած է, որ հայերը այս խնդրին մէջ շատ ինքնավստահ են որովհետեւ անոնք իրենց փաստաթուղթերը մինչեւ այսօր ընդունիլ տուին միակողմանի կերպով։ Գալով Թալաթ փաշայի վերագրուած հեռագրին, «այդպիսի հեռագիր մը չկայ», ըսած է ան։ «Մենք ի վիճակի ենք հայկական կողմին փոխանցելու Թալաթ փաշայի ղրկած բոլոր հեռագիրները», ըսած է ան։