Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2009ի երեկոյեան, Արարատ Տան «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան 46րդ տարեդարձը, հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Տօքթ. Սարգիս եւ Տիկին Թամարա Արեւեանի եւ Տէր եւ Տիկին Վիգէն եւ Ռուպինա Կիւլէսէրեանի։
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը սկսաւ հանդիսավար Խաչիկ Թիթիզեանի բացման խօսքով: Ապա ան բեմ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. խաչատուրեանը, որ սեղանօրհնէքէն վերջ փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ան ջերմագին զգացումներով ողջունեց ներկաները, որոնք, հաւատալով եկեղեցւոյ առաքելութեան, անգամ մը եւս համախմբուած են անոր շուրջ՝ զօրավիգ հանդիսանալու եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած ճաշկերոյթին։
Շարունակելով իր խօսքը քահանայ հայրը ըսաւ. «Պատմութեան անցած 46 տարիներու ընթացքին, Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցին իր օրհնաբեր ծառայութիւնը բերած է Սան Ֆերնանտօ հովիտի գաղութին։ Ան մօր նման իր թեւերուն տակ պահած է բոլորը, բայց մանաւանդ երիտասարդները, որպէսզի անոնք չհեռանան իրենց հայրերուն սուրբ հաւատքէն։ Մենք երախտագիտութեամբ կը յիշենք եկեղեցւոյ շուրջ բոլորուած անցեալի բոլոր նուիրեալները, անոնց կատարած աշխատանքը եւ ունեցած բարոյական թէ նիւթական ներդրումը։ Թող օրհնեալ ըլլայ անոնց յիշատակը։ Իսկ այսօր, դարձեալ օրհնեալ ըլլան բոլոր անոնք, որոնք մեծ զոհողութեամբ ու նուիրումով կանգուն ու պայծառ կը պահեն մեր հաւատքի միջնաբերդ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցին՝ ի փառս Աստուծոյ ու հայ ժողովուրդին»։
Ապա Տէր հայրը իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց օրուան հիւրընկալներուն, Արեւեան եւ Կիւլէսէրեան ընտանիքներուն, իրենց ունեցած այս օրինակելի կեցուածքին համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ սրբազան հօր, որ իր ներկայութեամբ միշտ խրախուսիչ ազդակ է եկեղեցւոյ բոլոր ձեռնարկներուն, ծխական շրանիս Ազգային երեսփոխաններուն, Դպրաց դասին, Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմին, Տիկնանց միութեան, Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակին, 46 ամեակի յանձնախումբին, բայց մանաւանդ Հոգաբարձութեան, որու անդամները ամբողջ տարին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ աշխատանքները իրենց առօրեային մէկ մասը դարձուցած եւ առաջնորդութեամբ ատենապետ՝ Վարդան Մինասեանին, Աստուծոյ տան պայծառացման այսօրուան ջահակիրներն են։
Տէր հօր խօսքէն ետք հանդիսավարը հրաւիրեց Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Վարդան Մինասեանը, որ իր բարի գալուստի խօսքը փոխանցէ։ Վարդան Մինասեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր, որ իր հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ յաւելեալ փայլ մը տուաւ երեկոյին, շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանին, որ միշտ զօրավիգ է Հոգաբարձութեան ծրագիրներուն, շրջանի «Ռոստոմ» կոմիտէին եւ ուղեկից միութիւններուն որոնց անվերապահ զօրակցութեամբ եւ միասնական ջանքերով է որ մեր ազգային կառոյցները կը մնան կանգուն ու կը բարգաւաճին։
Ան Հոգաբարձութեան անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ձեռնարկի հիւրընկալ Տօքթ. Սարգիս եւ Տիկին Թամարա Արեւեանի եւ Տէր եւ Տիկին Վիգէն եւ Ռուպինա Կիւլէսէրեանին, որոնք իրենց այս արարքով անգամ մը եւս եկան փաստելու Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց ունեցած կապուածութեանը։ Եւ վերջապէս ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ազնիւ նուիրատուներուն, որոնք միշտ պատրաստ են իրենց լուման ձգելու եկեղեցւոյ պայծառացման գանձանակին մէջ։
Ապա հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց թեմիս բարեջան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ։
Սրբազան հայրը գնահատեց Հոգաբարձութեան նախաձեռնութիւնն ու Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի նուիրական ծառայութիւնը եւ անգամ մը եւս իր գնահատական խօսքը փոխանցեց երեկոյի հիւրընկալներուն։ Ապա ան յիշեց Աւետարանի հետեւեալ խօօսքը. «Բարի գործելէն չձանձրանաք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։ Ան շեշտեց թէ 46 տարիներ առաջ սկսուած աստուածահաճոյ աշխատանքին արդիւնքն է որ այսօր կը վայելենք բոլորս եւ մենք ալ մեր կարգին առանց թուլնալու պէտք է շարունակենք սկսուած բարի գործը։ Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ «Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցին իր օծման առաջին իսկ օրէն վայելած է բոլորիս գուրգուրանքն ու հոգատարութիւնը եւ վստահ ենք, որ այդ մէկը պիտի շարունակուի նոյն թափով եւ նոյն յանձնառութեամբ, որուն գործնական մէկ արտայայտութիւնն է Ձեր բոլորին հոս ներկայութիւնը»։
Սրբազանին խօսքէն ետք, Հովիւին ու Հոգաբարձութեան անունով յուշանուէր փոխանցուեցաւ հիւրընկալներուն, առ ի գնահատանք եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս իրենց ունեցած ծառայութեան համար։
Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ նուիրահաւաք, իսկ երեկոն խանդավառեց Գառնիկ Սարգիսեանը։