Փրոֆ. ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆ
Թրքական վերջին նախաձեռնութեան մէջ ուշադրութեան արժանի երեք տարրեր կան:
Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման խնդրին առնչուող արձանագրութիւնը կը պայմանաւորէ «յանձնառութիւն… հողային ամբողջականութեան՝ եւ երկու երկիրներու միջեւ սահմաններու անխախտութեան՝ սկզբունք- ներու հիման վրայ, ինչպէս որ սահմանուած են միջազգային օրէնքի համապատասխան դաշնագրերով»: Այլ խօսքով պայմանաւորութիւնը հիմնուած է պարբերութեան վերջին մասին վրայ որուն հիմը սխալ հասկցուած՝ եթէ ոչ սխալ՝ մեկնաբանութիւն մըն է «միջազգային օրէնքի համապատասխան դաշնագիրներու» սահմանումին:
Իրողութիւնը, սակայն, այն է որ «միջազգային օրէնքը» լրջօրէն խախտուած էր երբ այս «համապատասխան դաշնագիրները» ստորագրուեցան: Ասոնց մէջ կ՛ընդգրկուին,
ա. Մոսկուայի Դաշնագիրը՝ ստորագրուած Մոսկուայի մէջ, Մարտ 16, 1921ին, մէկ կողմէ RSFSRի (Ռուսական Ընկերվար Դաշնակցային Խորհրդային Հանրապետութեան) եւ միւս կողմէ (Քեմալիստ) Թուրքիոյ միջեւ:
բ. Կարսի Դաշնագիրը՝ ստորագրուած շուրջ 7 ամիսներ ետքը՝ Հոկտեմբեր 13, 1921ին մէկ կողմէ (Քեմալիստ) Թուրքիոյ եւ միւս կողմէ երեք խորհրդային հանրապետութիւններու՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի՝ եւ՝ մասնակցութեամբ RSFSRի:
Սակայն հիմնական իրողութիւնը այն է որ այս երկու դաշնագիրները ստորագրող Քեմալական Թուրքիան, այն ատեն, օրինաւոր, գործօն կառավարութիւն մը չէր, այլ ըմբոստ եւ նորակազմ կառավարական կազմակերպութիւն մը, որ պայքարի մէջ էր այն ժամանակուան օրինաւոր կառավարութեան հետ՝ կեդրոնացած Իսթանպուլի մէջ, որ կայսրութեան մայրաքաղաքն էր եւ կառավարուած օրինաւոր Սուլթանի մը կողմէ:
Համապատշաճ այս իրողութեան, շարք մը կառավարական եւ զինուորական ատեանի որոշումներով այս օրինաւոր իշխանութիւնը Մայիս 24, 1920ին մահուան վճիռ արձակեց Մուսթաֆա Քեմալի դէմ (Takvimi Vekayi, no. 3864), եւ 12 օր ետքը, Յունիս 6, 1920ին, անոր վեց գործակիցները՝ ներառեալ Իսմէթ (Ինէօնիւ), նոյնպէս ի բացակայութեան՝ դատուեցան եւ մահուան դատապարտուեցան: Թէ Սուլթանին կառավարութիւնը ժողովրդակա՞ն էր թէ ոչ, եւ կամ անոր վարած քաղաքականութիւնը խոհե՞մ կամ իմաստու՞ն էր այն ժամանակ, հարցեր են որոնք հոս անկապ են: Ինչ որ գերակայ է եւ անվիճելի՝ այն իրողութիւնն է, որ Սուլթանը այն ատեն միակ օրինաւոր եւ գերագոյն իշխանութիւնն էր Օսմանեան Կայսրութեան՝ ի դիմաց Քեմալիստ կառավարութեան ըմբոստ նկարագրին: Հետեւաբար որեւէ համաձայնութիւն, պայմանագրութիւն կամ դաշինք ստորագրուած այսպիսի կառավարութեան մը կողմէ միջազգային օրէնքով ապօրինի է, եւ ուրեմն՝ անվաւեր:
Ուստի, «միջազգային օրէնք» ի տեսանկիւնէն դիտած, Մոսկուայի եւ Կարսի Դաշնագիրները զուրկ են օրինականութենէ եւ, ուրեմն, չեն կրնար գործածուիլ որպէս օրինաւոր լծակներ բանակցութիւններու համար: Աւելին, Մոսկուայի Դաշնագիրը առաւել եւս ապօրինի է միջազգային օրէնքի որեւէ չափանիշով, այն պատճառով որ Խորհրդային Ռուսիան (RSFSR) այն ժամանակ չէր ճանչցուած որեւէ պետութեան կողմէ, եւ ուրեմն ունէր գրեթէ միեւնոյն ապօրինի գոյավիճակը ինչ որ ունէր յեղափոխական, ըմբոստ Քեմալիստ վարչակարգը: (1922ին էր որ Գերմանիա, որպէս առաջին պետութիւնը իրաւական ճանաչում շնորհեց խորհրդային Ռուսիոյ՝ Րաբալլոյի մէջ): Իբր թէ այս օրինազանցութիւնները բաւարար չէին, Խորհրդային Հայաստան՝ Անգարայի կառավարութեան ներկայացուցիչներու պնդումին վրայ՝ դուրս ձգուած էր Մոսկուայի բանակցութիւններէն որոնք յանգեցան Մոսկուայի դաշնագրին՝ Մարտ 16, 1921ին: Այս բանակցութիւններուն թուրք ներկայացուցիչները անզիջող կերպով առարկած էին ոեւէ Հայ ներկայացուցիչի մը մասնակցութեան: Հետեւաբար, այս դաշնագրի արձանագրութիւններուն Հայկական մասնակցութեան բացակայութիւնը ամէնէն նշանակալից յատկանիշներէն մին է: Այս կապակցութեամբ պէտք է դիտել տալ որ երեք Թուրք ներկայացուցիչներէն մին, որ կարեւոր դեր մը խաղաց Մոսկուայի մէջ Դաշնագրի ստորագրութեան ընթացքին, Գնդապետ՝ ապա Թուրք Հանրապետութեան Զօրավար՝ Շէւքէթ Սէյֆին էր:
Հայկական Ցեղասպանութեան ամենագլխաւոր կազմակերպիչներէն մին՝ Սէյֆի, նշանաւոր դարձաւ ներքին նահանգներու Մասնայատուկ Կազմակերպութեան պատկանող ջարդարար ջոկատներու զօրահաւաքին կազմակերպումին եւ գործունէութեան մէջ: Ասոնք մեծ մասամբ դատապարտեալ ոճրագործներ էին, որոնք յատկապէս ընտրուած էին եւ ազատ արձակուած կայսրութեան բանտերէն ճիշդ այս նպատակին համար, եւ որոնք կարեւոր դեր մը խաղացին ցեղասպանութեան ծրագրի գործադրութեան մէջ: Կարսի Դաշնագրի պարագային ալ Խորհրդային Ռուսիոյ (RSFSR) առաջնորդներն էին որ ճնշեցին Անդրկովկասի երեք խորհրդային հանրապետութիւններու վրայ, որպէսզի անոնք համակերպին Թուրքերու, ի հեճուկս իրենց թոյլ ընդդիմութեան: Այս դաշնագիրը իրականութեան մէջ ընդլայնումն էր եւ վերահաստատումը Մոսկուայի Դաշնագրին՝ արդիւնք տիրապետող Պոլշեւիկներու ճնշումներուն: Ցաւով պէտք է նշել անգամ մը եւս դաւադիր վարմունքը Պուտու Մտիվանի կոչեալ Վրացիի մը, որ այս բանակցութիւններու ընթացքին կը ծառայէր որպէս համայնավար միջնորդ մը զինուորականօրէն պարտուած եւ հոգեվարքի մէջ գտնուող հայերու, որոնք սիրով ընդունած էին զինք, եւ ամբարտաւան, յաղթական թուրքերու միջեւ: Փոխանակ Մոսկուայի իր տէրերու շահերուն ծառայելու, ան գաղտնօրէն փորձեց դաւակցիլ Թուրքերու հետ, քաջալերելով Քէազիմ Քարապէքիրը՝ անոնց զինուորական հրամանատարը, որ չգոհանայ միայն Արաքս գետով որպէս նոր սահման Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, այլ յառաջանայ գետէն անդին Հայաստանի ներքնամասերը (Տես Kazim Karabekir, Istiklal Har-bimiz, 1969, Istanbul, Turkiye Publishers, էջ՝ 952):
Արձանագրութեան թիւ 2ը կը վերաբերի «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացում» նիւթին եւ որպէս յօդուած թիւ 1 կը սկսի հետեւեալ հրապուրիչ խոստումով. «բանալ հասարակաց սահմանը Արձանագրութեան ուժի մտնելէն ետք, երկու ամսուան ընթացքին»: Ապա թիւ 2 եւ թիւ 3 յօդուածներու տակ կու գան երկու ամէնէն վճռական հարցերը որոնք արգելք պիտի հանդիսանան հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան թուրքերու հետ հաշտութեան մը հասնելու կարելիութեան: Անոնց ընդմէջէն 1915ի Մեծ Ոճիրին՝ զղջումի անընդունակ ժառանգորդները անգամ մը եւս կը փորձեն տարաշեղել կեդրոնական հարցը՝ զայն տանելով անորոշ ուղղութեամբ, գործածելով ծպտեալ լեզու մը եւ դիմելով հրապուրիչ եւ գրաւիչ միջոցներու: Հայկական կառավարութիւնը պէտք է աներկբայօրէն եւ շեշտակի կերպով յայտարարէ թէ ծածկաբար կամ այլաբանօրէն նշուած «պատմական փաստագրութիւններուն» մէջ գիտականօրէն ուսումնասիրելիք ոչ մէկ նորութիւն կայ: Արդարեւ, ասոնք փաստագրութիւններ են, որոնք յետպատերազմեան, եւ յատկանշօրէն նախաքեմալական, այսինքն, 1914-1921ի Թուրքիոյ մէջ, ենթարկուեցան Քրէական դատաքննութեան Թրքական Յատուկ Պատերազմական Ատեանի մը կողմէ: Հիմնուելով վաւերական ու պաշտօնական պատերազմական փաստաթուղթերու զանգուածային հաւաքածոյի մը վրայ՝ ատեանը հաստատած է որ այս «փաստագրութիւնները» պահեստատուն մըն էին հսկայական ոճիրի մը անվիճելի ապացոյցներուն, ոճիր մը, որ գլխաւորաբար կազմակերպուած էր նպատակ ունենալով Օսմանեան Կայսրութեան Հայ քաղաքացիներու զանգուածային բնաջնջումը: Ամբաստանութիւններու ցանկը եւ յատկապէս գլխաւոր ամբաստանագիրը՝ լեցուն յատուկ փաստաթուղթերով, որոնք կը ներկայացնեն ատեանին գլխաւոր ապացոյցը, այնքան ծանրակշիռ են որ ասոնց հետեւող վճիռներու շարքը ի յայտ կուգայ իբրեւ անհերքելի ապացոյց մը պատերազմական շրջանին իրագործուած ամբողջական բնաջնջումի նպատակադրութեան: Դատախազները Թուրքեր էին, դատաւորները Թուրքեր էին, եւ կարեւորը՝ եթէ ոչ ամէնէն կարեւորը՝ վկաներու մեծամասնութիւնը Թուրքեր էին, ներառեալ բարձրաստիճան զինուորական սպաներ: Նոյնպէս, զինուորական ատեանի գործարքները հիմնուած էին օսմանեան Թուրքիոյ տեղական պատժական օրէնքներու վրայ:
Մարդ կը տարուի մտածելու, որ կառավարութիւն մը որ արդարութեան զգացում ունի, ամէն բանէ առաջ այս դատական գործարքները աչքի առջեւ պէտք է ունենայ ճշմարտութեան եւ արդարութեան իր փնտռտուքին մէջ: Բայց, զարմանալիօրէն, ոչ միայն լռութիւն կը տիրէ ասոնց շուրջ, 1922ի աշնան Քեմալիստներու կողմէ իրագործուած Իսթանպուլի գրաւումէն ի վեր, այլ եւ գոյութիւն ունի ամբողջական լռութիւն ասոնց դատական արձանագրութիւններուն կապակցութեամբ : Հարցը «սերտելու» եւ «առաջարկներ բանաձեւելու» նպատակով յանձնաժողովներ կազմելու առաջարկը միտումնաւոր ձգձգումի բոլոր նենգ տարրերը ունի: Սա կրնայ ըլլալ նաեւ խաղ մը՝ արուեստականօրէն ստեղծուած անորոշութեան եւ երկբայական նման մթնոլորտի մը մէջ ճնշում կիրարկելու՝ որ վերջապէս բանակցող միւս կողմը հարկադրուած զգայ զիջումի ուղին ընտրելու: Հոս կը տեսնենք «տուր եւ առ»ի աշխատաձեւի սկզբունքին այնպիսի մէկ կիրարկում մը, որ յաճախ կ՛արդիւնաւորէ նման «յանձնաժողովներու» աշխատանքը. Կ՛ենթադրուի անշուշտ, որ ատոնց անդամները ի վիճակի են կարդալու եւ հասկնալու Օսմաներէն լեզուով պատրաստուած եւ գրի առնուած խնդրոյ առարկայ պաշտօնական եւ անպաշտօն վաւերագիրները:
Այս արձանագրութիւններու թերեւս ամէնէն տարօրինակ, եթէ ոչ այլանդակ, բնոյթը այն է որ տասնամեակներու ընթացքին շարունակաբար ցեղասպանութեան ոճիրը ժխտող եւ ուրացող թուրքեր՝ յանցապարտ կողմի դերակատարները, ոճիրին զոհերը մարմնացող հայերու հետ պիտի վիճին եւ բանակցին՝ իբրեւ համահաւասարներ: Ինչպէ՞ս ուրեմն կարելի պիտի ըլլայ զիրենք շեղեցնել ժխտումի այս անդրդուելի կեցուածքէն երբ խնդրոյ առարկայ է ո՛չ թէ սովորական ոճիր մը այլ պետութեան կողմէ ծրագրուած եւ նոյն պետութեան կողմէ կազմակերպուած զանգուածային եւ ամեհի կոտորած մը՝ արմատական բնաջնջումի իր բոլոր ուժականութեամբ: Պատասխանը շատ պարզ է, այսինքն՝ անկարելի, որքան ատեն որ թրքական քրէական օրէնքի թիւ 300 եւ 302. բայց յատկապէս թիւ 301 յօդուածը ի զօրու կը մնան: Ասոնք օրէնքներ են որոնց միտք բանին է շարունակել ամրագրելու թրքական ուրացումի անհողդողդ կեցուածքը: (Այս արտակարգ երեւոյթի յայտնի բայց յատկապէս անյայտ եւ թաքուն դրդապատճառները տակաւին կը մնան անմշակ: Ո՞վ պիտի յաջողի խորտակել պարսաւանքի, ցասումի, ամբաստանութեան եւ դառնութեան ջլատիչ կապանքները՝ իմաստալից կերպով վերլուծելու համար այդ դրդապատճառները):
Թրքական դիւանագիտութեան դարաւոր հոլովոյթը յանգած է կուտակուած փորձառութեան հնոցի մը: Այս տեսակէտէ անկարելի է չփորձուիլ ըսելու համար որ ընթացիկ «արձանագրութիւններ»ու ձեւաւորումը Հայաստանի համեմատաբար անփորձ կառավարութիւնը թակարդի մը մէջ ներգրաւելու ճարպիկ ռազմահնարք մըն է: Հոս ոչ միայն նկատելի է դիւանագիտական բանակցութիւնները շարունակական անորոշութեան մը մէջ երկարաձգելու միտում մը: Ապտուլ Համիտ 19րդ դարուն յոյժ ճարտարօրէն կիրարկած էր այս խաղը եւրոպական մեծ պետութիւններու հանդէպ, երբ անոնք կը շարունակէին ճնշում բանեցնել իր վրայ հայկական բարենորոգումներու անյապաղ կիրարկման անհրաժիշտութեան կապակցութեամբ (թուրքերէն այս գործընթացը կը կոչուի oyalamak, այսինքն՝ դիմացինը խաղցնել՝ տեւական յետաձգումներով): Թուրքերու համար ներկայիս առաջնակարգօրէն խնդրոյ առարկայ է Հայաստանի կառվարութենէն կորզել երկար ժամանակ փայփայուած բայց թաքուն պահուած զիջում մը, այն է՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գտնուող ներկայ սահմաններու պաշտօնական ճանաչումը:
Անկախ այս բոլորէն, կայ նաեւ Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու Թուրքիոյ հեռակայ բայց հրատապ ջանադրութիւնը: Որպէսզի արժանի նկատուի Եւրոպական Միութեան լիազօր անդամակցութեան, Թուրքիա հարկադրուած է հաշտուողական եւ խաղաղասէր պետութեան մը քաղաքակիրթ դիմագիծը ստեղծել եւ մշակել: Այսպիսի ցուցադրութիւն մը, զուգորդուած՝ իր ռազմավարական կարեւորութեան եւ կուտակուած զինուորական հզօրանքին, կրնայ շատ արդիւնաւէտ ըլլալ այս տեսակէտով:
Սակայն եւ այնպէս կացութիւնը աւելի առեղծուածային, եթէ ոչ խաբեպատիր կրնայ ըլլալ, եթէ նկատի առնենք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հանրապետութիւններու միջեւ ներկայիս գոյութիւն ունեցող կլանիչ փոխ-յարաբերութիւնները: Գիտնալով վերջինին դառն յուսախաբութիւնները, եթէ ոչ պրկուած կատաղութիւնը, հանդէպ Հայաստանի եւ նոյնպէս գիտնալով, որ Թուրքիա շօշափելի կարիքը ունի այն քարիւղին որ կը հոսի Պաքուէն, եթէ չխօսինք տակաւին միջցեղային կապերու մասին, միթէ կարելի՞ է հաւատալ որ թրքական հանրապետութիւնը լրջօրէն եւ պարկեշտօրէն պատրաստ է հաստատելու նոր կապեր Հայաստանի հետ, այդպէսով լրջօրէն վտանգելով յոյժ կենսական ազգային շահեր:
Թէեւ ներկայիս Հայաստան առաւել կամ նուազ չափով մեկուսացած է, այս գոյավիճակը թերեւս ալ անորոշ ժամանակամիջոցով յամենայ, եւ Հայաստան շարունակէ տնտեսականօրէն որոշ չափով տուժել, այսուհանդերձ, ոչ ոք կրնայ կանխատեսել հետեւանքները եւ տարողութիւնը այն աղէտին որ կրնայ հասուննալ առ ի հետեւանք Հայաստանէն ակնկալուած կամ պահանջուած զիջումներուն: Կը մնայ ապաւինիլ շրջահայեացութեան սկզբունքին, կռուան ունենալով ազգային արժանապատուութեան ամրոցը:
Փրօֆ. Տատրեան տնօրէնն է Զօրէան Հիմնարկի Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեան:
Այս գրութիւնը հրապարակուած է Contributorի կողմէ, Հոկտեմբեր 30, 2009, ժամը 3:36 կ.ե., Commentary, Top Stories, Turkey-Armenia Protocols վերնագրի տակ:
Թարգմանութիւնը տրամադրուած է «Զօրեան» հիմնարկութեան կողմէ: