ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ատանայի Կոտորածի 100ամեակին նուիրուած համագումարը, որ սկսած էր 29 Հոկտեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Հոկտեմբեր 30ին շարունակեց իր նիստերը: Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ տեղի ունեցող սոյն համագումարի երկրորդ օրուան նիստերը հետեւեալ հերթականութեամբ ընթացան.
Համագումարի Ե. նիստը յատկացուած էր æարդերն ու Կորուստները նիւթին, որու ընթացքին զեկոյցներով հանդէս եկաւ Հայկ Դեմոյեան, «Երիտթուրքերու յեղաշրջումը եւ Ատանայի կոտորածները հոգեբանական լոյսի ներքոյ» նիւթով:
Հուրի Ազէզեան ներկայացուց «Երիտթուրքերը եւ Սուրիոյ հայկական կոտորածները 1909ին» նիւթը, իսկ Արամ Սեփէթճեան՝ «Չորք-Մարզպանի 1909ի ինքնատիպ ինքնապաշտպանութիւնը»:
Զ. նիստի ընթացքին, որ շարունակութիւնն էր նախորդ նիստի թեմային, ներկայացուեցան եկեղեցական-հոգեւորական կորուստները Ատանայի ջարդին, առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հայերու ընդհանուր պատկերով: Սեպուհ Արք. Սարգիսեան ներկայացուց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կորուստը, Հ. Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան ներկայացուց Հայ կաթողիկէ համայնքի կորուստը, իսկ վեր. Յարութիւն Սելիմեան ներկայացուց Հայ աւետարանական համայնքի կորուստը:
Յետմիջօրէին, Է. նիստը յատկացուած էր Ատանայի կոտորածին շուրջ ստեղծուած գրական գեղարուեստական գրականութեան, զոր ներկայացուց Սարգիս Կիրակոսեան: Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս սկսած են տեսնել շարք մը գիրքեր, ընդամէնը հինգ ծաւալուն հատորներով, որոնց մէջ ի մի խմբուած են Ատանայի կոտորածին վերաբերող բոլոր հրատարակութիւնները՝ վաւերագրեր, ականատեսի վկայութիւններ, օրագրութիւններ, գրական-գեղարուեստական էջեր, եւայլն: Նշենք նաեւ, որ «ՀԱՍԿ» հայագիտական տարեգրքի յաջորդ թիւը պիտի յատկացուի սոյն համագումարի ընթացքին ներկայացուած նիւթերուն, որոնք իրենց ամբողջութեան մէջ պիտի տրուին տարեգիրքի էջերով:
Ը. նիստը քաղաքական բնոյթ ունէր, որու ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձաւ Կիլիկիոյ ջարդերէն մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութիւն թեման: Այս նիւթին մասին երկու զեկուցաբերներն էին Եղիկ Ճէրէճեան եւ Վիգէն Աւագեան:
Ի վերջոյ, փակման նիստի ընթացքին տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում եւ արժեւորում համագումարի, ինչպէս նաեւ եղան առաջարկներ յառաջիկայ համագումարներու առնչութեամբ:
Այնուհետեւ, մասնակիցները եւ հրաւիրեալները ունկնդրեցին վեհափառ հայրապետին եզրափակիչ պատգամը: Նորին սրբութիւնը ըսաւ, որ Ատանայի ջարդերու հարիւրամեակին առիթով կատարուած բոլոր ձեռնարկները՝ խաչքարի զետեղում, շուրջ 60 լուսանկարներու ցուցահանդէս եւ համագումար, եւ նմանօրինակ այլ նախաձեռնութիւններ կարեւոր են «մեր հաւաքական յիշողութիւնը թարմացնելու համար»: Նման ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան անդրադառնալը կարեւոր են նաեւ անով, որ կարենանք գնահատել անցեալը եւ ճիշդ կողմնորոշուինք: Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը պիտի շարունակուի, աւելին՝ այսուհետեւ հայ ժողովուրդը պէտք է եւ ժամանակն է, որ ճանաչումէն բացի արծարծէ Ցեղասպանութեան հատուցման հարցը: «Մենք հատուցում կը պահանջենք Թուրքիայէն», ըսաւ ան:
Համագումարի փակումէն ա-ռաջ երկու լեզուներով՝ հայերէն եւ անգլերէն, ընթերցուեցաւ եզրափակիչ յայտարարութիւն, ապա Դպրեվանքի երգչախումբը եւ համագումարի մասնակիցները, կատարեցին Կիլիկիոյ նուիրուած երգեր, որոնք ոչ միայն ողբ այլ յաղթանակ կ՛արտայայտէին:
Յայտնենք, որ նոյն օրը կէսօրին Մայրավանքի սեղանատան մէջ ճաշկերոյթ մը տրուեցաւ բոլոր հրաւիրեալներուն եւ մասնակիցներուն, ներկայութեամբ վեհափառ հայրապետին, որու ընթացքին մտերմիկ մթնոլորտի մէջ շարունակուեցան արծարծուիլ համագումարի թեմաները:
Ստորեւ՝ եզրափակիչ յայտարարութիւնը.-
Ներկայ տարին 100 ամեակն է Ատանայի ջարդին։ Հոկտեմբեր 28էն 30, 2009, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար, նուիրուած Ատանայի ջարդին, որ միաժամանակ ծանօթ է Կիլիկեան Աղէտ անունով։ Համագումարի բացումը տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսով, ուր ցուցադրուած էին 60 պատկերներ Ատանայի ջարդէն զանազան տեսարաններ ներկայացնող։ Այս առիթով նաեւ Կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս յատուկ խաչքար մը զետեղուեցաւ, ի յիշատակ Ատանայի ջարդի նահատակներուն։
Արդարեւ, 1909ին, երկու յաջորդական հանգրուաններով, 14էն 18 եւ 25էն 28 Ապրիլին, Օսմանեան թուրք պետութեան լուռ աջակցութեամբ տեղի ունեցան հաւաքական ջարդեր Ատանայի եւ շրջակայ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ դարերէ ի վեր կայք հաստատած հայերուն դէմ։ Յստակ տեղեկութիւններու համաձայն, յիշեալ ջարդը պատճառեց մարդկային ու նիւթական հետեւեալ վնասները.— 30,000 նահատակ, 7883 որբ, 4072 այրի, 30,000 անտուն մնացած հայեր. իսկ հրկիզուած ու քանդուած՝ 32 եկեղեցի, 10 դպրոց, 2923 տուն, 593 խանութ, 265 ագարակ, 18 պանդոկ, 2 գործարան եւ 23 ջաղացք։
Վերոյիշեալ թիւերը, ինչպէս նաեւ Ատանայի ջարդը նկարագրող վկայութիւնները, հայ թէ օտար պատմաբաններու, դեսպաններու ու միսիոնարներու կողմէ, տեսութիւն կամ երեւակայութիւն չեն. անոնք հիմնուած են յստակ տուեալներու ու շօշափելի իրողութիւններու վրայ։ Իսկ օրուան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Տ.Տ. Սահակ Բ. Վեհափառ Հայրապետին յուշերուն ու նամակներուն ճամբով մեզի փոխանցուած փաստացի տուեալները եւ հայ հոգեւորականներու ականատեսի վկայութիւնները համապարփակ կերպով կը պարզեն Ատանայի ջարդերը իրենց բոլոր հանգրուաններով, երեսներով ու հետեւանքներով։ Արդարեւ, 1909 թուականին, Օսմանեան Թուրքիոյ պետութեան մեղսակցութեամբ տեղի ունեցած ջարդերը պատահական երեւոյթներ չէին. անոնք ծրագրուած ու գործադրուած էին հայ ժողովուրդը բնաջնջելու եւ Կիլիկիայէն հեռացնելու հեռանկարով։
Հարիւր տարիներ անցած են այդ ողբերգութենէն։ Սակայն, անցեալը անցած չի կրնար նկատուիլ։ Ժողովուրդի մը դէմ կազմակերպուած ջարդը կարելի չէ պատմութեան փոշիին տակ ծածկուած պահել։ Միջազգային օրէնքներու համաձայն, համայն մարդկութեան ուղղուած ոճիր է համայնքի մը կամ ժողովուրդի մը դէմ գործադրուած ջարդը։ Հարիւր տարիներ յետոյ Հայ ժողովուրդը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, կը յիշէ ու մի՛շտ պիտի յիշէ Ատանայի ջարդը, որ սեւ տառերով արձանագրուած է 20րդ դարու պատմութեան էջերուն վրայ ու անջնջելի կերպով դրոշմուած հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ որ դարեր շարունակ Օսմանեան կայսրութեան ծաղկումին ու յառաջդիմութեան գործօն մասնակցութիւն բերած իր պապերը նաե՛ւ զոհը դարձան նոյն պետութեան փան—թուրանական ու ցեղասպանական ծրագիրներուն։
Արդարութեան պաշտպան ու մարդկային իրաւանց ջատագով միջազգային համայնքը եւս պէտք է յիշէ թէ 1909 թուին Ատանայի մէջ իր խաղաղ կեանքը ապրող եւ Օսմանեան կայսրութեան հաւատարիմ հայ քաղաքացիները ենթարկուեցան նոյն պետութեան ուղղակի թէ անուղղակի մեղսակցութեամբ տեղի ունեցած ջարդերուն։ Միջազգային համայնքը իրաւունք չունի լուռ մնալու նման ոճիրներու դիմաց։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ անպատիժ մնացած ջարդեր ու ցեղասպանութիւններ քաջալերած են այլ ցեղասպաններ նման ոճիրներ գործադրելու մարդկութեան դէմ։ Արդարեւ, երբ անհատ մարդոց դէմ գործուած ոճիրները հետապնդումի կ՛ենթարկուին, կարելի՞ է միթէ, միջազգային օրէնքներու ու ուխտերու համաձայն, հաշուետուութեան չկանչել հաւաքական ոճիրներու հեղինակները։ Արդարութիւնը պէտք է վեր մնայ ամէն տեսակ աշխարհաքաղաքական շահերէ եւ մասնակի ու ժամանակաւոր հաշիւներէ։
Ատանայի ջարդին 100ամեակը յիշել հայ ժողովուրդին համար կը նշանակէ ո՛չ միայն միջազգային համայնքին այլ նաեւ ու մանաւա՛նդ յիշեալ ջարդերու ետին գտնուող եւ Օսմանեան կայսրութեան շարունակութիւնը նկատուող ներկայ Թուրքիոյ յիշեցնել թէ՝ հաւաքական ջարդ մը գործադրուած է հայութեան դէմ Ատանայի մէջ եւ հաշուետուութեան կանչել։ Կը կրկնենք. Ատանայի ջարդերը պատահական չէին. անոնք ծրագրուած էին պետական քաջալերանքով եւ փաստօրէն անոնք առաջի՛ն քայլը հանդիսացան 1915ի հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան։ Ներկայ Թուրքիան պարտաւոր է ստանձնելու պատասխանատուութիւնը իր պապերուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ջարդերուն եւ հատուցում տալու զոհերու թոռներուն, որոնք Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած ջարդերուն, կեղեքումներուն ու աքսորին որպէս հետեւանք այսօր ցրուած են աշխարհի բոլոր կողմերը։
Արդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Ատանայի ու շրջակայ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ ջարդուած, իր հոգեւոր խնամքին ենթակայ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, թոռներուն ու ծորերուն անունով, բարոյական, հոգեւոր ու իրաւական պարտաւորութիւնը ունի միջազգային օրէնքներու համաձայն, մարդկային ու նիւթական վնասներուն համար հատուցում պահանջելու ներկայ Թուրքիոյ պետութենէն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նաե՛ւ, որպէս իրաւատէրը Ատանայի ու շրջակայ քաղաքներու եւ գիւղերու եկեղեցապատկան կալուածներուն, իրաւունքը ու պարտաւորութիւնը ունի, դա՛րձեալ միջագային օրէնքներու համաձայն, հատուցում պահանջելու Թուրքիոյ պետութենէն։
ԴԻՒԱՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
30 Հոկտեմբեր 2009