ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլեակով (Ռուսաստան), Ռապըրթ Պրատթքի (ԱՄՆ) եւ Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա) Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27ին միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին մէկ օր առաջ Լիւքսեմպուրկի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպումներուն մասին:
ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները, ԵԱՀԿի համացանցային պաշտօնական կայքին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնեն, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպումները անցած են շինիչ մթնոլորտի մէջ։
Ըստ հաղորդագրութեան, խորհրդակցութիւններուն ընթացքին կատարուած է գնահատականը բանակցութիւններու ներկայ փուլին եւ առնուելիք քայլերուն, նկատի առնելով ԵԱՀԿի նախարարներու խորհուրդի յառաջիկայ նիստը, որ տեղի պիտի ունենայ Աթէնքի մէջ Դեկտեմբեր 1-2։
Համանախագահները կը յայտնեն, թէ Նոյեմբերի սկիզբը պիտի այցելեն շրջան, որպէսզի դարձեալ հանդիպում ունենան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ եւ հիմնական սկզբունքներու հիման վրայ շարունակեն ղարաբաղեան հարցի խաղաղ լուծման գործընթացը։