Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի առաքելութեան տարածման յանձնախումբին, «Երիտասարդութեան տարուան» տօնակատարութեան կեդրոնական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 3 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Ձեռնարկը կը վայելէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրտիոսեանի հովանաւորութիւնը։ Պիտի դասախօսէ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, «Հայ Երիտասարդին Ներդրումը Ազգային Եկեղեցական Կեանքին մէջ» նիւթով։
Գեղարուեստական յայտագրի բաժինով, ելոյթ պիտի ունենաՅ Ազգային առաջնորդարանի «Լուսաւորի»չ երիտասարդաց երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի։
Գեղարուեստական յայտագիրը ունի նաեւ այլ բաժիններ։
Ձեռնարկին աւարտին, հիւրասիրութիւն տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Մուտքը ազատ է։