Ինչպէս հաղորդած էինք, շրջանի բազմավաստակ ծառայողներէն Ստեփան Գապատայեան Շաբաթ, 17 Հոկտեմբերին առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ։ Այս առիթով, Ազգային առաջնորդարանի դիւանը հրատարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.«Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը ցաւով կը գուժեն ազգային վաստակաւոր գործիչ, թեմիս Ազգային երեսփոխան ժողովի բազմաթիւ տարիներու անդամ, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան երկար տարիներու ատենապետ ու անձնդիր նուիրեալ Ստեփան Գապատայեանի մահը։ Այս տխուր առիթով, խորազգաց ցաւակցութիւններ՝ հանգուցեալի զաւկին՝ Արթուրին, եղբօր՝ Սերոբին, ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն ու ծառայական կեանքի գործակիցներուն։ Յիշատակ արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։
Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր, կէսօրէ առաջ ժամը 10։30ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Տեղի ունեցաւ Ազգային թաղում, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր ու մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։ Ներայ էին Ազգային վարչութեան անդամներ եւ ներկայացուցչական դէմքեր։