Միջազգային ընտանիքը ընդհանրապէս ողջունեց Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրումը։ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան քի Մուն երկու երկիրներուն կոչ ուղղեց արագօրէն վաւերացնելու համաձայնութիւնը եւ աւելցուց, թէ այս զարգացումը նաեւ պիտի նպաստէ հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան։
Եւրոպական միութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդական Պենիթա Ֆերերօ Վալտնըր եւ Եւրոպական միութեան ընդարձակման խորհրդակատար Օլի Ռէն միացեալ հաղորդագրութեան մը մէջ, արձանագրութիւններու ստորագրումը կոչեցին՝ «Դէպի առաջ քաջ եւ հեռատես քայլ մը»։ «Ասիկա տագնապներու, մասնաւորաբար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար, նոր հեռանկարներ կը բանայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ստորագրութեան արարողութենէն ետք ռուսական լրատուամիջոցներուն յայտնեց, որ արձանագրութիւնները «կը ճշդեն միջկառավարական յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ կողմերուն յաւելեալ քայլերը եւ պիտի ամրապնդեն առեւտուրի եւ տնեսական կապերը՝ դրական ազդեցութիւն ունենալով թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ միջեւ ընկերային եւ տնտեսական կացութեան վրայ»։
Լոնտոնի մէջ, Բրիտանիոյ արդարադատութեան նախարար Ճէք Սթրօ գոհունակութիւն յայտնեց արձանագրութիւններու ստորագրութեան գծով։ «Տասը տարի առաջ, ասոր նման կամ նախագահ Կիւլի Երեւան այցելութեան նման զարգացումի մը մասին կարելի էր միայն երեւակայել», ըսաւ ան։
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայըր ողջունեց «այս համարձակ քայլը, որ արժանի է մեր յարգանքին»։ Ան «արձանագրութիւններու շուտափոյթ վաւերացում» մաղթեց։
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս Երկուշաբթի օր հրապարակուած յայտարարութեամբ մը ողջունեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման նախաքայլը:
ԵԱՀԿը նախագահող Յունաստանի վարչապետ Ճորճ Փափանտրէու, որ միաժամանակ երկրին արտաքին գործոց նախարարն է, նմանապէս ողջունեց երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման միտող Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ արձանագրութիւններուն ստորագրումը:
Իսրայէլ, Պուլկարիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Ղազախստան, Ամերիկայի հրէական յանձնախումբը (AJC) եւ շարք մը այլ երկիրներ ու կազմակերպութիւններ գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրութեան համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.